2018-05-02 11:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Տիվինօ Ամորէ» սրբավայրին մէջ աղօթեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար։


Երեքշաբթի, 1 մայիս 2018-ին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Տիվինօ Ամորէ Սրբավայրը սկիզբ տալու համար  Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան ամսուան:  

Սրբավայր ժամանումին ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց զինք դիմաւորելու եկած  Հռոմէացի  հազարաւոր ուխտաւորները, որոնց շնորհակալութիւն յայտնելով  գեղեցիկ  ընդունելութեան համար անոնցմէ խնդրեց որ սրբավայրի փակէն  միանան վասն Սուրիոյ խաղաղութեան  իր  աղօթքներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կանգ առաւ հրաշագործ Տիրամօր սրբապատկերի դիմաց,  մինչ՝ երիտասարդուհի մը ընթերցեց  Նորին Սրբութեան Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ արտասանած Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ  կոչը որուն մէջ Ան հրաւէր ուղղած էր համայն  քաղաքական   եւ ռազմավարական պատասխանատուներու խիղճերուն որպէսզի  անյապաղ վերջ դրուի տեղի ունեցող ջարդին, յարգուի մարդկայնական ողբերգութինը  ու անմիջապէս  մարդասիրական օգնութիւններ հասնին կարիքաւորնրեուն ինչպէս նաեւ ապահովուին   պատշաճ պայմանները  գաղթականներուն տուն վերադարձին համար։

Կոչին  ընթերցումէն ետք  հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը,  տրտմութեան  խորհուրուրդներով:

Վարդարանի աղօթքի աւարտին  ֆրանչիսկոս Պապ սրբավայրին փակին վրայ  դարձեալ ողջունելով հոն գտնուող ուխտաւորները  արտասանեց ողջոյն քեզ մարեմեան աղօթքը ապա վերադարձ կատարեց Վատիկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.