2018-05-01 08:59:00

Սուրիոյ դէմ հրթիռային նոր յարձակում


ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով զինուորական աղբիւրի մը, հաղորդեց, թէ Համայի եւ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող զինուորական կարգ մը դիրքեր կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին թիրախ դարձած են հրթիռային նոր յարձակումի մը: Ըստ «Մայատին»-ի, հրթիռակոծուած են սուրիական բանակի դաշնակից ուժերու երեք դիրքեր:

Սուրիական «Թըշրին» օրաթերթը, յղում կատարելով մարտական աղբիւրներու, հաղորդեց, որ հրթիռարձակումը կատարուած է հիւսիսային Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան եւ բրիտանական ռազմակայաններէ, եւ արձակուած են 9 թեւաւոր հրթիռներ:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ հրթիռարձակումին պատճառով արձանագրուած են 26 զոհեր, ներառեալ` իրանցիներ: «Սքայ Նիուզ»-ի արաբական ծառայութիւնը իր կարգին նշեց, որ զոհերուն թիւը 40 է, իսկ վիրաւորներունը շուրջ 60:

Սուրիոյ մէջ «Ֆաթիմիուն» զօրախումբի հրամանատարը իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Հալէպի մէջ 47-րդ զօրախումբի զօրակայանի հրթիռակոծման մասին լուրը սուտ է, անիկա կը մնայ անվնաս, զօրախումբի անդամներէն ոչ ոք սպաննուած է:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին, յղում կատարելով իրանեան զինեալ ուժերէն աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ իրանցի զինուորական խորհրդատուներու շարքերուն մէջ զոհեր չկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.