2018-04-30 14:35:00

Խառն ամուսնութիւններու եւ Սուրբ Հաղորդութեան մասին հանդիպում Վատիկանի մէջ։


Երկուշաբթի, 30 ապրիլ 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց թէ յառաջիկայ 3 մայիս 2018-ին,  Գերմանացի կարդինալներէ եւ եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւն  մը Վատիկանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի Քուրիայի կարգ մը ժողովներու եւ պատասխանատուներուն  հետ, քննարկելու  համար   ոչ կաթողիկէ խառն ամուսնութեամբ պսակուած զոյգերու Սուրբ Հաղորդութեան մօտեցումի հարցը։

Գերմանացի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միւնիխի թեմի արքեպիսկոպոս եւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը՝ կարդինալ Ռենհարտ Մարքսը, մինչ Սուրբ Աթոռին կողմէ իրենց մասնակցութիւնե կը բերեն ի մէջ այլոց  հաւատոյ ժողովի կառավարիչ Կարդինալ  Ֆրանչիսկոս Լատարիա Ֆերրէ եւ  քրիստոնեաներուն միութեան խթանման խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Քուրտ Քոխը։     

Նշենք թէ վերոնշեալ հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ անցեալ  22 մարտ 2018-ին- Գերմանացի 7 եպիսկոպոսներուն Սուրբ Աթոռին յղած խնդրանքին ընդառաջելով:








All the contents on this site are copyrighted ©.