2018-04-27 08:10:00

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին


Գրիգոր Տաթեւացի Ամարան Հատոր կոչուած երկին մէջ կը նկարագրէր միայնակեացներու եւ վանականներու վիճակը եւ անոնց ընդունման ծէսերը։ Սոյն հատորին մէջ, Գրիգոր Տաթեւացի պատկեր մը կու տայ առաքինութիւններու, որոնք հարկաւոր են քրիստոնեաներու համար, եւ առաւել եւս միայնակեացներու կամ կրօնաւորներու համար։ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝

«Եօթ են մարդոց բարքերը, որոնք Աստուծոյ հաճոյ են եւ մադոց գովելի. ասոնք հետեւեալներն են.

Առաջին՝ խոնարհութիւն, որ է հնազանդութիւն եւ հոգեւոր աղքատութիւն։ Երկրորդ՝ Հեզութիւնը, որ է երկայնմտութիւն եւ ընտրողութիւն եւ խորագիտութիւն։ Երրորդ՝ երկիւղածութիւն, որ է սրբականութիւն եւ հաւատարմութիւն եւ չարիքէ հեռու մնալ։ Չորրոդ՝ ողորմածութիւն, որ է մատակարարութիւն եւ գթածութիւն եւ Աստուծոյ նմանութիւն։ Հինգերորդ՝ սիրողութիւն, որ է կատարելութիւն եւ միամտութիւն եւ ողջախոհութիւն։ Վեցերորդ՝ անոխակալութիւն, որ է դիւրադարձութիւն եւ լսողութիւն եւ պատուիրանապահութիւն։ Եօթներորդ՝ ժուժկալութիւն, որ է քաջ նահատակութիւն, եւ յուսալիր առաքինութիւն, եւ յօժարակամ մարտիրոսութիւն։

Իսկ հակառակ այս եօթը բարքերուն կան մարդուն մէջ ոմանք, որոնք հակառակ են ճշմարտութեան եւ քարոզութեան, եւ որոնք հետեւեալներն են՝

Առաջին՝ ամբարտաւանութիւն, որ է պերճութիւն եւ սնափառութիւն եւ դիւական արուեստականութիւն։ Երկրորդ՝ բարկացողութիւն, որ է սպանութիւն եւ հրաբորբոք թշնամութիւն եւ լեզուի անկարգութիւն։ Երրորդ՝ աներկիւղութիւն, որ է լրբութիւն, եւ յանդգնութիւն եւ անամօթութիւն։ Չորրորդ՝ անողորմածութիւն, որ է կռապաշտութիւն եւ յափշտակութիւն, եւ ագահութիւն։ Հինգերորդ՝ եղբայրատեցութիւն, որ է գազանութիւն, եւ ստահակութիւն, եւ հակառակութիւն։ Վեցերորդ՝ ոխակալութիւն, որ է միշտ խռովութիւն եւ սնոտի խաբէութիւն եւ դարանակալ կեղծաւորութիւն։ Եօթներորդ՝ անհամբերութիւն, որ է անյուսութիւն, որովայնամլութիւն եւ ուրացողութիւն։»

Իսկ Ձմեռան հատորին մէջ, Գրիգոր Տաթեւացի կը յիշէ Բարսեղ Մեծի վանականներու համար հաստատած կանոններ։ Այդ սկզբունքները, որոնք կʼարժեն վանականներուն համար՝ ունին, ինչպէս Գրիգոր Տաթեւացի իւրաքանչիւր կէտի պարագային կը յիշէ, աստուածաշնչական հիմք։ Այնտեղ կը կարդանք՝

«Պէտք է գիտնալ, որ ըստ Բարսեղ Մեծի, տասներկու բան հարկաւոր է անապատի մէջ բնակողներուն համար։

Ամէն ինչէ առաջ հարկաւոր է մարմնական եւ մտքի ախտերէն մերկանալ։ Ինչպէս որ մէկը բաղնիք կը մտնէ, կը մերկանայ բոլոր զգեստներէն, եւ ինչպէս որ ըմբիշները կը մերկանան, որպէսզի գօտեմարտելու ժամանակ չբռնուին, այսպէս ալ կրօնաւորը պէտք է մերկանայ մարմնի եւ մտքի ախտերէն եւ ապա գօտեմարտի թշնամիին դէմ։ Երկրորդ՝ հարկաւոր է թողուլ մարմնոյն բոլոր ինչքերը եւ ստացուածքները, ըստ այն խօսքին՝ թէ մենք ամէն ինչ թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք։ Որովհետեւ եթէ մարմնաւոր բաները չթողուն, չեն կրնար ընդունիլ հոգեւորը. որովհետեւ ոչ ոք կրնայ երկու տէրերու ծառայել։ Երրորդ՝ միաբանութեան հասարակութեան մէջ ապրիլ, եւ ոչ առանձնապէս։ Որովհետեւ եղբայրը եղբօր օգնելով՝ ամուր քաղաքի նման է եւ վա՛յ այնոր որ առանձին է ճանապարհին վրայ։ Չորրորդ՝ բոլորը պէտք է ըլլան մէ՛կ սիրտ եւ միախորհուրդ, ըստ այն խօսքին՝ թէ բոլորը մէ՛կ սիրտ եւ մէ՛կ հոգի էին։ Հինգերորդ՝ նաեւ միակամ ըլլան, եւ ոչ տարբեր եւ զանազան կամք ունենան, որովհետեւ միայնակեացը կը կոչուի կամարար, այսինքն՝ թէ իր կամքը պիտի թողու եւ առաջնորդին կամքը պիտի կատարէ։ Վեցերորդ՝ բոլորը մէկ իղձ եւ մի փափաք ունենան՝ ինչ գործի մէջ ալ ըլլան, այսինքն՝ հոգիի փրկութիւնը։ Եօթներորդ՝ ոչ ոք իր ստացուածքին համար ըսէ թէ ի՛րն է, այլ ամէն ինչ հասարակաց պէտք է ըլլայ՝ ըստ առաքելական կանոններուն։ Ութերորդ՝ առանց կռիւի բնակին եւ բոլորին հետ խաղաղութիւն պահեն կʼըսէ առաքեալը։ Իններորդ՝ իրարու չհակաճառեն եւ բանակռիւ չընեն ոչինչ բանի համար, ինչպէս կʼըսէ առաքեալը, այլ իմաստունին հարցնեն եւ անկէ օգտուին։ Տասներորդ՝ բոլորը ամէն ինչի մէջ հնազանդին առաջնորդին. ինչպէս կʼըսէ առաքեալը՝ ամէն անձ որ իշխանութեան տակ է՝ հնազանդութեամբ մնայ։ Տասնըմէկերորդ՝ առաջնորդին վարքը ամէն բանով իրենց վրայ պատկերացնեն՝ որպէս նախօրինակ եւ պատկեր, ինչպէս կենադանագրերը կը գծագրեն։ Տասնըերկրորդ՝ զիրար սիրեն, որովհետեւ Աստուած սէր է, եւ այն որ սիրոյ մէջ է՝ կը բնակի Աստուծոյ մէջ, եւ Աստուած կը բնակի անոր մէջ, կʼըսէ Յովհաննէս։»

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.