2018-04-27 10:16:00

Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ սրբադասման արարողութեան չորրորդ տարեդարձը։


(Վատիկան Նիուզ) 2014-ի ապրիլ 27-ին, Աստուածային Ողորմութեան կիրակի օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Խորաններու պատուոյն կը բարձրացնէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ «Ընտանիքի Քահանայապետը» եւ Յովհաննէս ԻԳ «Սուրբ Հոգւոյն ձայնին հլու Քահանայապետը»։

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ու աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 500 հազար հաւատացեալներ։

Սրբազան Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշած էր թէ երկու քահանայապետերը քաջութիւնը ունեցած են նայելու Յիսուսին վէրքերուն, դպչելու Անոր վիրաւոր ձեռքերուն ու խոցուած կողին», զայն ճանչնալով նաեւ եղբայրներու մարմնին մէջ։

«Անոնք եղան արի մարդիկ որոնք Եկեղեցւոյ ու Աշխարհին վկայեցին Աստուծոյ բարութիւնը ու Անոր ողորմութիւնը» հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս Յովհաննէս ԻԳ Վատիկանեան Բ Տիեզերական հաւաքը գումարելով, թոյլ տուաւ առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն ու Եկեղեցւոյ համար եղաւ հովիւ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած առաջնորդ, մինչ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եղաւ «Ընտանիքի Քահանայապետ» հաստատած էր միշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.