2018-04-26 09:15:00

Շառլ Ազնաւուրը տեղափոխած են հիւանդանոց


93-ամեայ ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի համերգը Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ ջնջուած է երգիչին առողջական վիճակին պատճառով: Այս մասին Չորեքշաբթի յայտնած են «Օքթեապրսքի» մեծ համերգասրահէն, ուր Ապրիլ 25-ին պէտք է տեղի ունենար անոր համերգը, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ին:

«Շառլ Ազնաւուրի համերգը երաժշտի առողջական վիճակի պատճառով կը տեղափոխուի 2019 թուականի Ապրիլ 9-ին: 2018 թուականի Ապրիլ 25-ի  տոմսերը վաւերական են 2019 թուականի Ապրիլ 9-ի համար»,-յայտնած են համերգասրահէն:

«Օքթեապրսքի» համերգասրահի տնօրէն Էմմա Լաւրինովիչը յայտնած է, որ երգիչին ինքնազգացողութիւնը վատացած է փորձի ժամանակ: Անոր խօսքով` 93-ամեայ երաժիշտը հիւանդանոց տեղափոխուած է։

Աւելի ուշ յայտարարուած է, որ երգիչը իր բուժումը պիտի շարունակէ Փարիզի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.