2018-04-26 08:32:00

Հայաստանի պատմութեան մէջ ունինք այլեւս նոր էջ. ՀՀ Նախագահին ուղերձը


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ապրիլ 25-ի ողջ օրուան ընթացքին խորհրդակցութիւններ  ունեցաւ քաղաքական ուժերու եւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ, Ապրիլ 26-ին առաւօտեան հանդէս եկած է ուղերձով:

Նախագահի ուղերձին մէջ կ՛ըսուի․

«Սիրելի հայրենակից,

Մեր երկրին մէջ վերջին օրերու բուռն զարգացումները աննախադէպ երեւոյթ են: Այն, թէ ինչպէս քաղաքացիական շարժումը կազմակերպուած եւ քաղաքակիրթ զարգացման ճանապարհով վերաճեցաւ համաժողովրդական շարժման, համայն հայութեան համար հպարտութեան առարկայ է:

Հայաստանի պատմութեան մէջ ունինք այլեւս նոր էջ: Մենք կ՛ապրինք Նոր Հայաստանի մէջ: Հայաստան, ուր իւրաքանչիւր հայաստանցի եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր ուժն ու եռանդը պէտք է դնէ երկրի զարգացման համար: Հայաստան, որուն մատնացոյց պիտի ընեն աշխարհի մէջ` ժողովրդավարութեան, կառավարման, քաղաքացիական հասարակութեան, մշակոյթի, գիտութեան ու տնտեսութեան զարգացման առումով: Հայաստան, ուր հայը պիտի տեսնէ իր եւ իր սերունդներու ապագան: Հայաստան, որ պիտի սիրէ իւրաքանչիւր հայ` պետական այրն ու շարքային քաղաքացին:

Հայաստան, որ պիտի ըլլայ իմ եւ քու երազանքներու Հայաստանը:

Այս իրողութիւնը ժխտելը քաղաքական կարճատեսութիւն կ՛ըլլայ:

Այնպէս, ինչպէս Սերժ Սարգսեանը սթափ գնահատականով բացաւ Նոր Հայաստան տանող դարպասը, նոյն կերպով քաղաքական բոլոր ուժերը, յատկապէս` Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած, պէտք է համերաշխաբար հարթեն այդ ճանապարհը` առաջնորդուելով Սահմանադրութեամբ:

Մենք բոլորս պարտաւոր ենք յաւուր պատշաճի իրագործել այն պատմական առաքելութիւնը, որ մեզի բաժին հասած է, եւ մեր ազգի համար այս բախտորոշ պահուն ընել այդ քայլը: Ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող քաղաքական ուժերը պէտք է միասնաբար երկիրը առաջնորդեն այս ճանապարհով:

Ես համոզուած եմ, որ հազարամեակներու ընթացքին կուտակուած ազգային խոհեմութիւնը թոյլ չի տար շրջանցել այս պատմական պահը:

Հպարտ եմ, որ կը տեսնեմ այսօրուան Հայաստանը, եւ ուրախ, որ պիտի ապրիմ վաղուան հզօր, միասնական, արդար եւ ծաղկող Հայաստանի մէջ:

Բարի լո՛յս, Հայաստան: Բարի լո՛յս, Հայաստանի հպարտ քաղաքացի»:

 

 

Յայտնի է Ազգային Ժողովի մէջ Վարչապետի ընտրութեան օրը

Հայաստանի խորհրդարանը վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկէ Մայիս 1-ին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը, այդ մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեան:

«Համաձայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ մասի` կը յայտարարեմ, որ վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի Մայիս 1-ին` ժամը 12:00-ին, իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին»,- ըսուած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տարածած յայտարարութեան մէջ:

ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տուած է: ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն` ՀՀ վարչապետի հրաժարականէն ետք 7 օրուան մէջ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները իրաւունք ունին ներկայացնելու վարչապետի թեկնածուներ, որմէ ետք խորհրդարանին մէջ բաց անուանական քուէարկութեամբ տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.