2018-04-25 09:40:00

«Անխօս ողբերգութիւն». Հռոմի Հայ համայնքի 24 ապրիլի քարոզարշաւը


Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած սուրբ օրուան՝ 24 ապրիլին առիթով, Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը, այս տարի եւս ձեռնարկեց «Անխօս ողբերգութիւն» բնաբանով քարոզարշաւը, հանրային կարծիքի եւ յատկապէս նոր սերունդի ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան վրայ: 

Քարոզարշաւը, որուն կարգախօսն է «Անխօս ողբերգութիւն», կը կայանայ 15 երկվայրկեան տեւողութիւն ունեցող Տեսերիզի մը պատրաստութեան մէջ որ կը ցուցադրուի, օրական 90 անգամ կրկնումներով, Հռոմի փապուղիի ու հանրային փոխադրամիջոցներու տեսերիզի սարքաւորումներու վրայ, Ապրիլ 20-էն մինչեւ Ապրիլ 26: 

Տեսերիզը կը պատկերացնէ բերանը կարուած ու աչքերը փակ մարդու դիմապատկերը`  հետեւեալ գրութիւններով` «Հայոց Ցեղասպանութիւն. 1915-2018. Ողբերգութիւն մը  որ  անխօս է, 103 տարի է ի վեր»։

Բերանը կարուած մարդու դիմապատկերը կ՛ուզէ յատկանշել 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը եւ  շարք մը պետութիւններու լռութիւնը ու քաղաքականութեան անտարբերութիւնը, որ յաճախ կը նախընտրէ փնտռել սեփական շահեր, քան պաշտպանել մարդու իրաւունքներն ու արժէքները, աչքերը սեւեռելով այլուր` չտեսնելու ու չլսելու համար Հայոց ողբերգութիւնը:

Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի այս նախաձեռնութեան նպատակն է վառ պահել Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը,  Իտալիոյ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը հրաւիրելով հայ ազգի ողբերգութեան  վրայ ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած երկար տարիներու բռնի լռութեան: «Անխօս ողբերգութիւն», լռութիւն մը որ կ՛ուզենք աւելի խօսուն դարձնել քան երբեք: Գրած է Հռոմի Հայ Համայնքը այս առթիւ հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.