2018-04-25 10:50:00

25 ապրիլի Հրապարակային Ունկնդրութիւն. «Սուրբ Մկրտութիւնը չարին դէմ պայքարելու ուժ»։


(Վատիկան Նիուզ) Թէ՛ գիտեմ նուաստանալ, թէ՛ ալ գիտեմ առատութեան մէջ ըլլալ: Ամէն բանի մէջ՝ ամէն կերպով վարժուած եմ թէ՛ կշտանալ, թէ՛ ալ անօթենալ, թէ՛ առատութեան եւ թէ կարօտութեան մէջ ըլլալ: Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս:

Սուրբ Պօղոսի Փիլիպեցիներուն (4, 12-13) ուղղուած սոյն գրութենէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի՝ 25 ապրիլ 2018-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած  ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին, ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, բազմահազար ուխտաւորներուն ներկայութեամբ, շարունակելով խօսիլ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի մասին, որպէս չարը յաղթելու ուժ մը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը, այսօր կը շարունակենք խօսիլ Մկրտութեան մասին, Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ։ «Աւետարանն է որ թեկնածուները կը լուսաւորէ ու զանոնք կը մղէ յարելու հաւատքին. Մկրտութիւնը յատուկ կերպով «հաւատքի խորհուրդն է», որովհետեւ անով է որ կը յատկանշուի հաւատքի կեանքի մէջ մուտքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  հաստատելով թէ հաւատքը մեր Տիրոջ Յիսուսին մեր անձին ամբողջական  յանձնումն է, Ան որ մեզի համար Ջուրի ակնաղբիւր է՝ յաւիտենական կեանքի համար, աշխարհի լոյս, կեանք եւ Յարութիւն։

Աւետարանը արդարեւ իր մէջ ունի այն ուժը զայն հաւատքով ընկալողը կերպարանափոխելու, ազատագրելով զայն սատանայի բռնատիրութենէն որպէսզի սորվի ծառայել Տիրոջ ուրախութեամբ ու նոր կեանքով - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «Մկրտութեան աւազանին միայնակ չենք դիմեր, մեզի կ՛ընկերանայ համայն եկեղեցին իր աղօթքով։ Ան նաեւ կ՛ընկերանայ երախաներու ճանապարհին, ու զանոնք կ՛օգնէ չարին դէմ պայքարի ընթացքին։ Յիսուս եւս արդարեւ պայքարեցաւ չարին դէմ ու վտարեց չար ոգիները որպէսզի հռչակէ Աստուծոյ Արքայութեան յայտնութիւնը. Անոր յաղթանակը չարի իշխանութեան վրայ, տեղ կու տայ Աստուծոյ Տէրութեան որ կ՛ուրախացնէ եւ կը հաշտեցնէ - ըսաւ ապա Քահանայապետը ու աւելցուց. «Սուրբ Մկրտութիւնը կախարդական բանաձեւ մը չէ, այլ պարգեւն է Սուրբ Հոգւոյն որ կը պատրաստէ զայն ընդունողը, չար ոգիի դէմ պայքարին»։

Մենք փորաձառութեամբ գիտենք թէ քրիստոնէական կեանքը միշտ ալ հպատակ է Աստուծմէ բաժնուելու փորձութեան, Անոր կամքէն բաժնուելու փորձութեան, Անոր հետ հաղորդութենէն բաժնուելու փորձութեան, իյնալու համար աշխարհի հրապոյրներու կապանքներու մէջ։

«Աղօթքէն անդին կայ նաեւ Սուրբ Իւղերու օծումը որով մենք կ՛ընդունինք ուժը հրաժարելու համար սատանայէն ու մեղքէն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով նախկին ըմբիշներուն իւղի գործածութեան, որով անոնք աւելիով կ՛ամրապնդէին իրենց մկանները ու դիւրաւ կը  պրծէին հակառակորդի ձեռքերէն։

Սոյն խորհրդանիշի  լոսին տակ է որ առաջին դարերու քրիստոնեաները՝  Եպիսկոպոսէն օրհնուած իւղով մարմինը օծելու սովորութիւնը, յատկանշելու համար թէ այդ փրկութեան նշանով՝  Փրկիչ Քրիստոսի զօրութիւնը մեզ աւելիով կ՛ուժեղացնէ՝ պայքարելու համար չարին դէմ ու յաղթելու զայն, թէեւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, դժուար է պայքարիլ չարին դէմ, սակայն պէտք է գիտնանք թէ համայն քրիստոնէական կեանքը պայքար մըն է , իմանալով նաեւ թէ միայնակ չենք ու թէ մեր Մայրը՝ Եկեղեցին կ՛աղօթէ, որպէսզի իր զաւակները վերակենդանացած Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով չի նահանջեն չարին դիմաց, այլ  անոր վրայ յաղթանակ տանին՝ Քրիստոսի Զատկուայ զօրութեամբ։

Հզօրացած Յարուցեալ Քրիստոսով որ յաղթեց այս աշխարհի իշխանին, մենք եւս կրնանք Սուրբ Պօղոսին հետ միասին կրկնել «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութինը եզրափակեց հաստատելով «մենք եւս կրնանք յաղթել. Յաղթել ամէն ինչ. Սակայն Յիսուսէն եկած ուժի միջոցաւ» Ան ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յիշեցնելով թէ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչի ծիսական տօնը։

«Անոր բարեխօսութիւնը թիկունք կանգնի ձեզի, ձեր հաւատքի ուղեւորութեան ընթացքին, որպէսզի անոր օրինակով դուք դառնաք Քրիստոսի Աւետարանի ունկնդիրներն ու հռչակողները. զայն վկայելով ձեր կեանքի կենցաղով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ վերջ տալով հրապարակային ունկնդրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.