2018-04-24 09:59:00

Ապրիլ 24-ին «Ոչ մէկ Հայ չի կրնար դուրս գալ միւսի դէմ»․ Արմէն Սարգսեանի յայտարարութիւնը


Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարութիւն տարածած է, կոչ ընելով Ապրիլ 24-ին «յարգեու մեր նախնիներու յիշատակը եւ հոգալու մեր ազգի ապագան արժանապատուօրէն ու պատուով»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ․

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Վաղը համայն հայ ժողովուրդը` առաջադէմ մարդկութեան հետ, աշխարհի բոլոր մայրցամաքներուն մէջ պիտի ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը:

Ապրիլ 24-ը սուրբ եւ համընդհանուր է բոլոր հայերու, աշխարհի քաղաքակիրթ մարդկութեան համար:

Այդ օրը ոչ մէկ հայ չի կրնար դուրս գալ միւսի դէմ:

Հարիւր տարիէ աւելի այս օրը եղած է միասնութեան օր, յիշատակի եւ սուգի օր, ընդդէմ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած անարդարութեան եւ այսօր ցեղասպանութիւնը ժխտողներու դէմ բողոքի օր:

Յարգենք մեր նախնիներու յիշատակը եւ հոգանք մեր ազգի ապագան արժանապատուօրէն ու պատուով:

Պահենք եւ պահպանենք աշխարհի աջակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը մեր հանդէպ Ապրիլ 24-ին, երբ մեզի հետ միասին կը յարգեն զոհերու յիշատակը եւ կը յիշեն զանոնք, որոնք օգնած են վերապրողներուն:

Այսօր, վերապրողներու ժառանգներուս պարտքն է համախմբել մեր ժողովուրդը ազգային իդէալներու շուրջ, լուծել մեր ներքին խնդիրները միասնաբար` երկխօսութեան եւ փոխըմբռման ոգիով, խթանել ժողովուրդի ստեղծարար ուժերը, կերտել դինամիկ զարգացող ժամանակակից Հայաստան, որ հպարտութեան առարկայ ըլլայ աշխարհի բոլոր հայերուն համար եւ ունակ` պաշտպանելու հայ ժողովուրդի անանձ իրաւունքները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.