2018-04-22 15:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 ապրիլի թուիթը «Կոչումը պարգեւ մըն է»։


(Վատիկան Նիուզ) Քահանայական կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ կոչումը Աստուածային պարգեւ մըն է։

«Աստուծոյ կոչը որ  ուղղուած է իւրաքանչիւրիս, մեզ ուրախութեամբ լեցնող պարգեւ մըն է» գրեց Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը։ 

Աւելի ուշ Սրբազան Պապը հրապարակեց այլ թուիթ մը այս անգամ յատկացուած միշտ այսօր նշուող «Մայր երկրի» միջազգային օրուան  (International Mother Earth Day), հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին ու անոր նման խնամք տանելու մեր հասարակաց տան։

«Հետեւինք Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի օրինակին, խնամք տանիքն մեր հասարակաց Տան» գրեց ;րանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.