2018-04-22 10:17:00

Կիրակի 22 Ապրիլ 2018 - Դեղին Կիրակի (Յովհաննէս Ե 19-30)


Ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, այլ կամքն Անոր որ զիս ղրկեց

Այս օրերուս մեզի Հայերուս համար` ցաւալի է տեսնել մեր հարազատ հայրենիքի մէջ այնպիսի դէպքեր որ կը խռովեն երկրի խաղաղ ընթացքը դէպի ազատ եւ բարգաւաճ կեանքը որ կը սպասուէր 70 տարուայ ստրկութենէն ետք: Մեր ղեկավարներուն կը պակսի այն խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը որոնք հիմը կը կազմեն քրիստոնէական կեանքին, ինչպէս նաեւ ընկերային հասարակութեան մէջ:

Յովհաննէս Մկրտիչ կ՛ըսէ իր աշակերտներուն, որոնք եկած էին գանգատելու իրեն Յիսուսի մասին, որ սկսած էր մկրտել ինք եւս։ Ան կ՛ըսէ. ինք պէտք է բարձրանայ եւ ես նսեմանամ։ Նոյն խոնարհութիւնը ցոյց կու տայ այսօր Յիսուս երբ կ՛ըսէ թէ եկած է կատարելու ոչ թէ իր կամքը այլ կամքն Անոր որ զինք ղրկեց, այսինքն երկնաւոր Հօր կամքը։ Ինք կը փնտռէ միայն Հօր փառքը, ըսած է ան:  Որովհետեւ այն որ կը կատարէ զգայացունց գործեր, ինչպէս Յիսուսի կատարած հրաշքները, բնական է որ ուզենայ գոռոզանալ անոնցմով, մինչդեռ Յիսուս երբեք չէ ուզած պարծենալ իր կատարած հրաշքներով, այլ ամէն զօրութիւն վերագրած է Հօր Աստուծոյ, անոր որ զինք ղրկած է աշխարհ, որպէսզի իրագործէ իր, այսինքն Հօր ծրագիրը։

Իշխանութիւնը որ ունի Յիսուս դատելու մարդկութիւնը, անոնց կեանք ու հոգի տալու եւ անոնց մէջ դնելու յաւիտենական կեանքի սերմերը, ստացած է իր Հօրմէն. Ուստի այն որ հնազանդի իրեն եւ կատարէ իր հրամանները, նովին գործով կը հնազանդի Հօր ու կ՛իրականացնէ իր կամքը այս աշխարհի վրայ։

Քրիստոսի խոնարհութիւնը մեզ կրնայ պարզապէս մղել մենք եւս աւելի պարկեշտ ու համեստ ըլլալու մեր բոլոր գործունէութիւններուն ու յաջողութիւններուն մէջ։ Ի վերջոյ ի՞նչ կայ մեր մէջ զոր ստացած չենք Աստուծմէ. Մեր խե՞լքը, մեր մտային կարողութիւննե՞րը, մեր ձայնը՞, մեր կազմակերպչական յատկութիւննե՞րը…

Ամէն ինչ կու գայ վերէն, ամէն պարգեւ երկնատուր է եւ մեր արժանիքը պարզապէս կը կայանայ այդ բնատուր կամ աւելի ճիշտ է ըսել աստուածատուր պարգեւներուն յաջող կերպով օգտագործումին մէջ։ Ահա այս միայն կրնայ ըլլալ մեր պարծանքի առարկան, մնացած բոլորը կը պարտինք Տիրոջ։

Խոնարհութիւնը սուրբերու առաջին առաքինութիւնն է. Անով է որ անոնք կը բարձրանան միւսներէն վեր, անով է որ անոնք կը յաջողին նաեւ տիրանալու միւս բոլոր առաքինութիւններուն։ Ով որ խոնարհ է, դիւրաւ շնորհք կը գտնէ Աստուծոյ առջեւ եւ կ՛արդարանայ, նոյնիսկ եթէ բազմաթիւ են իր յանցանքները, ինչպէս տաճար ելլող մաքսաւորը, որ ուրիշ բան չըրաւ եթէ ոչ` խոնարհութեամբ ընդունիլ իր սխալները։

Պօղոս առաքեալ, որ իրականին մէջ կրնար պարծենալ բոլոր առաքեալներուն առջեւ իր կատարած առաքելական հսկայական գործերով, այն որ Քրիստոսի կողմէ ընտրուեցաւ որպէսզի աւետարանը քարոզէր հեթանոսներուն, ինք անձամբ հետեւեալ խօսքը կ՛ըսէ. Քաւ լիցի ինծի որ պարծենամ եթէ ոչ Տիրոջմով։

Մենք ամէնքս Քրիստոսի աշակերտներն ենք. Մենք նաեւ Պօղոսի աշակերտներն ենք. Եթէ Տէրն ու աշակերտը երբեք չպարծեցան եթէ ոչ` մին Հօր Աստուծմով, եւ միւսը` Քրիստոսով, մենք եւս հարկ է որ թողունք մէկդի ամէն ինքնաքովութիւն կամ գնահատանքի սպասում. Մեր իսկական գնահատանքը կու գայ միայն Տիրոջմէ որ կը դատէ ամէն մէկուն խիղճն ու հոգին եւ կը կարդայ անոր միտքը։

Մեր պարծանքը, սիրելի հաւատացեալներ, ըլլալու է մի միայն Քրիստոսի մէջ եւ մեր ամէն մէկ գործը կատարուելու է մի միայն Աստուծոյ մեծագոյն փառքին համար. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.