2018-04-21 08:40:00

Գարեգին Բ եւ Արամ Ա Հայրապտեները հանդիպումներ ունեցան ՀՀ Նախագահին եւ Վարչապետին հետ


Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեան 20 ապրիլին հիւրընկալած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք Սերժ Սարգսեանի հետ առաջին հանդիպումին երկու վեհափառ հայրապետները նախ իրենց շնորհաւորանքները փոխանցած են  վարչապետին` մաղթելով անոր ուժ, կարողութիւն, համբերութիւն եւ տոկունութիւն: Զրուցակիցները հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած են նաեւ այս օրերուն Հայաստանի մէջ բողոքի արտայայտման զանգուածային դրսեւորումներուն` տեղի ունեցող հաւաքներուն, երթերուն եւ իրենց մտահոգութիւնները յայտնած ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ: Բնական նկատելով, որ որեւէ երկրի մէջ  կրնան դժգոհութիւններ, պահանջներ, մտահոգութիւններ ըլլալ, վեհափառ հայրապետները կարեւոր նկատած են բողոքի արտայայտումը բացառապէս քաղաքակիրթ եղանակով` յարգելով պետութեան սահմանադրական կարգն ու օրէնքները: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը միաժամանակ իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնած են, որ տեղի ունեցող գործընթացին մէջ ուժի կիրարկումը, բախումները տեղ չունին: «Կ՛աղօթենք, որ այս իրավիճակը աստիճանաբար հանդարտի, խաղաղի, եւ մարդիկ լծուին մեր հայրենաշինութեան, մեր երկրի անվտանգութեան նուիրական գործին: Մենք, այո՛, ունինք դժուարութիւններ մեր կեանքին մէջ, բայց նաեւ բազում մարտահրաւէրներ եւ այդ մարտահրաւէրներուն դիմաց կրնանք կանգնիլ ու դիմակայել զանոնք միայն ազգային համախմբուածութեամբ եւ միասնականութեամբ: Եկող օրերուն նաեւ ապրիլ 24-ն է` Մեծ եղեռնի յիշատակի օրը: Եւ այդ օրուան խորհուրդը իւրաքանչիւր հայորդիի գիտակցութեան, ընկալումներուն մէջ պէտք է ըլլայ եւ առաջնորդէ` ճիշդ կերպով ապրելու եւ մեր ընթացքը ճիշդ առաջնորդելու, որպէսզի մենք զերծ պահենք մեր երկիրը ողբերգութիւններէ, կորուստներէ: Մենք ունինք Արցախ, մենք ունինք մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ ծառայող երիտասարդ հայորդիներ, որոնց անվտանգութիւնը, գիտենք, պարո՛ն վարչապետ, ձեր մշտական մտահոգութիւնն է: Թող Աստուած պահէ, պահպանէ մեր ժողովուրդը  սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ: Այս է մեր մաղթանքը, այս է մեր աղօթքը», ըսած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, նշելով, որ կը կիսէ Գարեգին Բ. վեհափառին  մտահոգութիւնները, ընդգծած է, որ այս օրերուն երկրին մէջ երիտասարդներու, պատանիներու ներգրաւումով տեղի ունեցող իրադարձութիւններու ժամանակ գրգռիչ արտայայտութիւններով լարուածութեան, անորոշութեան մթնոլորտի ստեղծումը կը վնասէ թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ մեր երկրի ընկալման` արտաքին աշխարհին մէջ: «Վերջ ի վերջոյ, այս ցոյցերուն հետեւանքները կամ անոնց ընթացքին  հասցուած վնասներու յաղթահարումը ամիսներ պիտի տեւեն: Այսինքն` երկիրը կրնայ վնասել: Մենք պէտք է ցուցարարներուն ըսենք` ասիկա մեր բոլորիս հայրենիքն է, բոլորս այս հայրենիքին զաւակներն ենք, մէկ  ընտանիք ենք: Դժուարութիւններ, հարցեր կ՛ըլլան, սակայն պէտք է նստիլ, փոխադարձ հասկացողութեամբ հարցերը քննել սեղանի շուրջ, ոչ թէ փողոցը: Հարցերը քննելու միասնական այդ ճիգով անոնց լուծման ճամբաներ պէտք է որոնել միասնաբար: Այս է, որ պէտք է ըլլայ: Այս մթնոլորտին մէջ նման ձեւով շարունակելը վնաս է` վնաս է հայրենիքին, վնաս է մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար, ես ուրախ եմ, որ նաեւ դուք, պարո՛ն վարչապետ, այդ կոչը ուղղած էք, որ ուժերը կողք-կողքի գան եւ սեղանի շուրջ նստին ու խօսին: Նախագահին եւ ձեր գլխաւորութեամբ այդ խօսակցութիւնը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այս կացութեան շարունակումը մեծապէս կը վնասէ մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին, Արցախին մանաւանդ: Ժամանակն է, որ համախմբուինք, որովհետեւ պաշարուած ենք ոչ բարեկամ ուժերով: Հարցեր կան, բնականաբար, բայց այդ հարցերու մասին պէտք է խօսինք, փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի սահմաններուն մէջ: Այս է, որ կ՛ուզէինք ձեզի փոխանցել, պարո՛ն վարչապետ», ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Արամ Ա. կաթողիկոսը շնորհաւորած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը` հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ նուիրած է «Բարձրբերդի Աւետարան»-ի կրկնօրինակը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը ըսած է, թէ` «քաջածանօթ ըլլալով ձեր անձին եւ երկար տարիներու գործունէութեան` լիայոյս ենք, որ լաւագոյնս պիտի արդարացնէք ձեր նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած վստահութիւնը»:

Հանրապետութեան նախագահը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը անդրադարձած են վերջին օրերուն հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Անոնք նշած են, որ կան կուտակուած բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք շուտափոյթ լուծման կարիքը ունին, եւ երկիրը պէտք է ընթանայ իրական բարեփոխումներու  ճամբով հասարակութեան բոլոր խաւերու եւ նախ եւ առաջ` երիտասարդներու ընդգրկումով:

Հայոց հայրապետները ողջունած են հանրապետութեան նախագահի երկխօսութեան հրաւէրը` ընդգծելով, որ այս է  ստեղծուած վիճակէն  լաւագոյն ելք գտնելու, առկայ խնդիրները լուծման առաջնորդելու ճիշդ ու ապահով ճամբան:

Քաղուած «Ազդակ» էն








All the contents on this site are copyrighted ©.