2018-04-19 10:19:00

Քահանայական ձեռնադրութիւն Ս Պետրոսի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ։


(Վատիկան Նիուզ) Կոչումներու համաշխարհային 55-րդ աղօթքի օրուան առիթով, Կիրակի 22 ապրիլ 2018-ի առաւօտեան 9.15-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին քահանայ կը ձեռնադրէ 16 սարկաւագներ որոնց շարքին են Մատակասկարէն 27 ամեայ Թիերրի Ռանտրիանանդենայանան՝ որ աշակերտած է Ռետեմթերէս Մաթեր նորընծայարանին եւ որ մաս կը կազմէ Նէոքաթեքումենալ շարժումին՝ նման Խրուաթ 37 ամեայ Եուրայ Պասքովիչին, Վիեթնամցի Փաոլօ Տօ Վան Տանի,  Մայանմարէն Թէյն Լուինի, Քոլոմպիացի Ֆապիօ Ալեխանտրօ Փերտօմօ Լիզքանոյի եւ Սան Սալվատորէն՝ Մոյզիս Փինետա Զաքարիասին։

Ձեռնադրեալներէն ամէնէ տարեցը 41 ամեայ իտալացի Ռենաթօ Թանթարելլի Պաքքարին է որ «հարկային փորձագէտ» մըն էր եւ ուշ տարիքին զգացած է Տիրոջ կոչումը քաջութիւնն ունենալով «Այո» պատասխանելու։

Կիրակի 22 ապրիլը կը կուչի է նաեւ Բարի Հովիւի կիրակի՝ ըստ լատինաց։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.