2018-04-19 09:36:00

Եւրոմիութեան կոշտ զեկոյցը Թուրքիոյ մասին


Եւրոմիութիւնը հրապարակած է Թուրքիոյ զարգացման զեկոյցը, ուր կը նշուի, թէ որ ոլորտներուն մէջ ինչ յաջողութիւններ կամ անյաջողութիւններ ունի երկիրը։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ զեկոյցին մէջ խօսուած է ինչպէս Թուրքիոյ ներքին, այնպէս ալ արտաքին խնդիրներուն մասին։

Ներքին խնդիրներէն նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ դեռ կը պահպանուի արտակարգ դրութիւնը եւ այդ ընթացքին կը ձերբակալուին հազարաւոր մարդիկ։ Արտակարգ դրութեան յայտարարումէն մինչ օրս Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է 150․000 մարդ, որոնց 78000-ը կալանաւորուած են։ Այդ ընթացքին 110․000  պետաշխատող ալ հեռացուած է աշխատանքէ։

Զեկոյցին մէջ խօսուած է Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու յարաբերութիւններէն։ Ընդգծուած է, որ անոնք հետզհետէ կը վատանան։ Անընդունելի համարուած է թուրք գործիչներու յարձակողական յայտարարութիւնները ԵՄ-ի երկիրներու հասցէին։

Խօսուած է նաեւ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ ծաւալող  քիւրտ զինեալներու դէմ գործողութիւններուն մասին։

«Նոյնիսկ, եթէ իշխանութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իրաւունք ունի, այնուամենայնիւ, անոր հետ մէկտեղ, պէտք է յարգանք ցուցաբերուի օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու, հիմնարար ազատութիւններուն նկատմամբ»։

Թրքական որոշ լրատուամիջոցներ կը գրեն, որ ասիկա պատմութեան ընթացքին ամենակոշտ զեկոյցներէն մէկն է Թուրքիոյ վերաբերեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.