2018-04-18 08:26:00

Կիպրոսի նախագահը պատրաստ է վերսկսելու Կիպրոսի հարցի լուծման բանակցութիւնները


Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես կիպրացի թուրքերու ղեկավար Մուսթաֆա Աքընճըի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ պատրաստ է Կիպրոսի վերամիացման բանակցութիւնները վերսկսելու այն կէտէն, ուր ընդհատուած էին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին:

16 ապրիլի երեկոյեան երկու համայնքներու ղեկավարները հանդիպում ունեցած են ոչ պաշտօնական ընթրիքի շուրջ: Ասիկա անոնց առաջին հանդիպումն էր յուլիս 2017-ին Կրան-Մոնթանի մէջ կիպրական հարցի լուծման նուիրուած խորհրդաժողովի ձախողութենէն ետք:

Անասթասիատես նախագահական պալատին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում տեղի ունեցած է դէմ առ դէմ, ապա իրենց միացած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կիպրոսի հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Էլիզապեթ Սփեհարը:

«Մուսթաֆա Աքընճըի հետ այսօրուան հանդիպումին ընթացքին մենք անկեղծօրէն քննարկեցինք գոյութիւն ունեցող խնդիրները, ինչպէս նաեւ նոր երկխօսութեան հեռանկարները: Մենք արձանագրեցինք գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները: Ես կրկնեցի, որ մեր կողմէ մենք պատրաստ ենք բանակցութիւնները վերսկսելու այնտեղէն, ուր անոնք յուլիս 2017-ին ընդհատուած են Կրան-Մոնթանի մէջ», ըսած է Անասթասիատես:

Անոր համաձայն, ոչինչ բացառուած է: Նախագահը նշած է, որ կողմերը վերահաստատած են իրենց դիրքորոշումները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.