2018-04-17 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 17 ապրիլի քարոզը՝ «Իսկական մարգարէն միշտ յոյսի մարդ մըն է»


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի, 17 ապրիլ 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով Սուրբ Գրային ընթերումը, ուր կը խօսուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մասին, անդրադարձաւ իսկական մարգարէին մասին, հաստատելով որ իսկական մարգարէն այն է, որ գիտէ իր ժողովուրդին վրայ ողբալ:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ ծերերն ու դպիրները Սուրբ Ստեփանոսը դատարան տարին ու ամբաստանեցին զինք, որովհետեւ անոնք փակ սիրտ ունէին եւ չէին ուզեր մտիկ ընել նախավկային  խօսքերուն եւ ոչ իսկ կ՝ուզէին յիշել Իսրայելի պատմութիւնը»։ Սուրբ Ստեփանոս արդարեւ ժողովուրդը կը յանդիմանէր ըսելով, որ անոնք ունին փակ սիրտ մը ու փակ ականջներ։

Քահանայապետը  ակնարկելով սուրբ Ստեփանոսի մարտիրոսութեան հաստատեց թէ  «ճշմարտութիւնը շատ անգամ  կ՝անհանգստացնէ եւ հաճելի չէ զայն մտիկ ընել»։ Ան ապա հարց տուաւ ըսելով  թէ «ի՞նչպէս կարելի է հասկնալ, որ մարգարէ մը ճշմարտութիւնը կ՝ըսէ»  ու պատասխանեց  «իսկական մարգարէն այն է , որ կարող է ողբալ իր ժողովուրդին վրայ ինչպէս նաեւ գիտէ բարձր ձայնով արտայայտել իր խօսքերը. իսկական մարգարէն չի կրնար գաղջ ըլլալ,  ան միշտ համարձակ է ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով իսկական մարգարէին այլ յատկութեան մը  «յոյսին»։

Իսկական մարգարէն արդարեւ յոյսի մարգարէ է,  որ անհրաժեշտութեան պարագային գիտէ յանդիմանել եւ դռները բանալ՝ նայելով յոյսի հորիզոնին ըսաւ Սրբացան Հայր աւելցնելով որ ճշմարիտ մարգարէն եթէ լաւ կատարէ իր գործը, ինքզինք վտանգի կ՝ենթարկէ, ինչպէս ըրաւ  Սուրբ Ստեփանոս նախավկան, որ մեռաւ ճշմարտութեան համար։ «Նահատկներու արիւնը ՝ սերմն է քրիստոնեաներուն» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ու քարոզը եզրափակեց յարելով, որ եկեղեցին պէտք ունի մարգարէներու, պէտք ունի նաեւ, որ մենք բոլորս մարգարէներ դառնանք՝  ոչ քննադատ մարգարէներ,  այլ  Աստուծոյ աղօթող մարգարէներ, որ գիտեն  իրենց ժողովուրդին նայիլ եւ կարող են  իրենց  ժողովուրդին վրայ ողբալ, ըսաւ Ան ու մաղթեց որ  եկեցւոյ մէջ երբեք չի պակսի այս մարգարէական  ծառայութիւնը՝  որպէսզի ան կարենայ միշտ յառաջ ընթանայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.