2018-04-17 09:58:00

Երեւանի շարք մը կեդրոնական փողոցներու մէջ երթեւեկութիւնը կրկին արգելափակուած է


Հարիւրաւոր ընդդիմադիր ցուցարարներ, որոնք կը բողոքեն վարչապետի պաշտօնին նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանավարման երկարաձգման, կրկին փակած են Երեւանի կեդրոնական փողոցները` կաթուածահար ընելով երթեւեկութիւնը: Ցուցարարներու գործողութիւններուն ընդառաջ` ոստիկանները արգելափակած են Ազգային ժողովին մօտեցող շարք մը փողոցներ:

Ցուցարարները փողոցները փակելու համար կ՛օգտագործեն աղբամաններ, նստարաններ եւ այլ առարկաներ, կամ ուղղակի կը նստին ճանապարհի վրայ` իրենց մարմիններով փակելով փողոցը: Որոշ քաղաքացիներ փողոցի մէջտեղ կանգնեցուցած են իրենց մեքենաները, պատճառաբանելով անսարքութիւնները:

Ոստիկանները բերման ենթարկած են խումբ մը ուսանողներ, որոնք կը փորձէին արգելափակել երթեւեկութիւնը Աբովեան փողոցին մէջ:

Այսօր առաւօտեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցեց հաւաքը դադրեցնելու` Ոստիկանութեան նախօրէին կայացրած որոշման ծանուցումը: Փաշինեան առանց ընթերցելու պատռեց Ոստիկանութեան ծանուցում։

Սերժ Սարգսեանի իշխանավարման շարունակման դէմ պայքարը գլխաւորող` ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան, յիշեցնենք, իր աջակիցներուն կոչ ըրած է այսօր շրջափակել խորհրդարանի շէնքը եւ այդպիսով տապալել նիստը: Ընդդիմադիր գործիչը կոչ ըրած է նաեւ արգելափակել Երեւանի եւ միւս բնակավայրերու փողոցները, մեթրոն, երկրի ճանապարհները:








All the contents on this site are copyrighted ©.