2018-04-15 12:27:00

Մարեմեան Աղօթք - Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի նպաստ Սուրիոյ։


(Վատիկան Նիուզ) Կիրակի 15 ապրիլ 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին, աւանդութեան համաձայն, խորհրդածութիւն մը ներկայացուց ներշնչուելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն (Ղուկաս 24, 36) ուր Յիսուս Յարութենէն ետք, վերնատան մէջ կ՛երեւի իր աշակերտներուն ըսելով «Խաղաղութիւնս ձեզի»։

«Այդ խաղաղութիւնը կը հայի ըլլայ ներքին, ըլլայ մարդոց հետ յարաբերութեան մէջ սահմանուած խաղաղութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ աւետարանիչը այդ պատմուածքի ընդմէջէն կ՛ուզէ ընդգծել Յարութեան իրականութիւնը, մատնանշելով աշակերտներուն սարսափին որոնք մտածեցին թէ իրենց տեսածը ոգի մըն էր։ Ասոր համար է որ Յիսուս անոնց ցոյց կու տայ իր ձեռքերն ու ոտքերը ու կը հրաւիրէ դպչելու անոնց, հուսկ  հարց կու տայ եթէ բան մը ունին ուտելիք, ու երբ անոր կու տան խորոված ձուկի կտոր մը, Յիսուս կ՛առնէ զայն եւ կ՛ուտէ անոնց առջեւ, առաւելապէս փաստելու թէ ինք Յարութիւն առած է հոգւով ու մարմնով։

«Յարութեան սոյն իրականութիւնը կը լուսաւորէ մեր քրիստոնէական հեռանկարը մարմնի մասին» յարեց Սրբազան Պապը նշելով թէ «մարմինը ստեղծուած է Աստուծմէ ու թէ մարդս կատարեալ չէ եթէ  միութիւն չ՛ըլլայ  մարմնի եւ հոգւոյ միջեւ։

«Մարմինը որ կարող է նաեւ դառնալ մեղքի առիթ կամ գործիք, Աստուծմէ մեզի շնորհուած գեղեցիկ պարգեւ մըն է, ու այդ մեղքը մարմինէն չի յառաջանար այլ պտուղն է մեր բարոյական տկարութեան» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը  ընդգծելով թէ պէտք է մեծ յարգանք ցուցաբերենք մեր մարմինին ու նաեւ ուրիշներու մարմնին։

«Ամէն մէկ  անարգանք,  վէրք կամ բռնութիւն մեր մերձաւորի մարմնին, Արարիչ Աստուծոյ դէմ ընդվզում մըն է, որովհետեւ Յիսուս է որ կը բնակի այդ մարմիններուն մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ «Յիսուս որ խոնարհեցաւ, չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ մեզի համար, մեզի սորվեցուց սէրը։ Սէր որ Յարութեամբ աւելի հզօր դարձաւ մեղքէն ու մահէն ու կ՛ուզէ այսօր եւս ձերբազատել բոլոր անոնք որոնք մեր այս ժամանակաշրջանին մէջ կը փորձարկեն մարմնի ստրկութիւնը»։

«Այսօրուան աւետարանը մեզ կը կոչէ ըլլալու անձեր որոնք կը նային խորը։ Մարդիկ որոնք գիտեն ընկալել եւ արժեւորել կեանքի նորութիւնները, որ Տէրը կը սերմանէ պատմութեան մէջ, եւ որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի նոր երկինքներ ու նոր երկիր»  ըսաւՍրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութիւնն ու հովանին։ Ան ապա Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ արտասանեց «Ողջ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն, յիշեց թէ այսօր՝ Մատակասկարի մէջ,  Երանելի կը հռչակուի ընտանիքի Հայր, աշխարհական Լուչանօ Պոթովազոան, որ «եղաւ Քրիստոսի վկայ, մինչեւ կեանքի հերոսական նուիրում» ըսաւ Քահանայապետը զայն ներկայացնելով որպէս եղբայրսիրութեան ու զօրեղ հաւատքի օրինակելի մարտիրոս։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ի տես համաշխարհային իրավիճակին, ուր հակառակ միջազգային հանրութեան ձեռքերուն մէջ գտնուող գործիքներուն, դժուարութիւն կայ միասնական արարք մը իրականացնելու՝ ի նպաստ խաղաղութեան, ըլլայ Սուրիոյ մէջ ըլլայ աշխարհի այլ վայրերուն մէջ։ 

«Մինչ յարատեւ կ՛աղօթեմ խաղաղութեան համար ու կը հրաւիրեմ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը շարունակելու նոյնը կատարել, դարձեալ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր քաղաքական պատասխանատուներուն, որպէսզի գերադասուին արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ապա մատնանշեց Էքուատորի եւ Քոլոմպիայի սահմանին վրայ, անցեալ մարտին առեւանգուած երեք մարդոց սպանութեան լուրին,  անոնց ու անոնց ընտանիքներուն ապահովեցնելով իր աղօթքները, ինչպէս նաեւ մօտիկութիւն արտայայտելով Էքուատորի ժողովուրդին ու քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալ միութեան ու խաղաղ համակեցութեան ճանապարհով, Տիրոջ ու Անոր Սուրբ Մօր օգնութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հաւատացեալներուն աղօթքներուն յանձնեց փոքրիկն «Ալֆի Էվանսի» ու «Վինսէն Լամպերթի» ճակատագիրերը, հրաւիրելով աղօթել՝ որպէսզի միշտ ալ յարգուի իւրաքանչիւր հիւանդի արժանապատուութիւնը ու անոր տրամադրուի պատշաճ խնամք, անոր հարազատներու,  բժիշկներուն ու հիւանդապահներու միասնական համաձայնութեամբ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերուն եւ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.