2018-04-14 09:28:00

Մատակասքարի մէջ Երանելի կը հռչակուի աշխարհական Լուչանօ Պոթովասոան:


(Վատիկան Նիուզ) Կիրակի 15 ապրիլ 2018-ին, Մատակասքարի Վոհիփենօ քաղաքին մէջ երանելի կը հռչակուի աշխարհական, ընտանիքի հայր, Ֆրանչիսկեաններու երրորդ կարգի  միաբանութեան անդամ Լուչիանօ Պոթովասոան: Երանցման արարողութիննը կը նախագահէ   Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը կարդինալ Անճելօ Ամաթոն:

Լուչանօ Պոթովասնոա եղած է ուսուցիչ եւ իր բոլոր կեանքը նուիրած է մանուկներու դաստիարակութեան՝ ըլլայ կրօնաւոր, ըլլայ աշխարհական գետնի վրայ: Ան ձգտելով ապրիլ  կրօնաւորական կեանք, 1940-ին,  մաս կազմած է ֆրանչիսկեաներու միաբանութեան: Ապա իր նպատակը եղած է տարածել եւ ճանչցնել Ասիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դիմագիծը, քաջալերելով հաւատացեալները մաս կազմելու Ֆրանչիսկեաններու երրորդ կարգի միաբանութեան: Լուչանօ իր առօրեայ կեանքին մէջ որդեգրած է Ֆրանչիսկեաններու շնորհապարգեւը՝ ծոմապահութեամբ ու  պարզուկ  հագուստներ հագնելով: Ան նահատակուած է 1947-ին Մատակասքարի մէջ յեղափոխութեան շրջանին:  








All the contents on this site are copyrighted ©.