2018-04-14 09:38:00

«Սուրիոյ առնչուող մթնոլորտը շատ մտահոգիչ է», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց. «Սուրիոյ առնչուող մթնոլորտը շատ մտահոգիչ է, եւ զգուշացումներն ու սպառնալիքները չեն նպաստեր երկխօսութեան»:

«Օտար ապահովական մարմինները մեղսակից են Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի յարձակումի թատրոնին», ըսաւ Լաւրով` շեշտելով. «Մոսկուան հաստատ փաստեր ունի, որ Տումայի մէջ քիմիական զէնքով ենթադրեալ յարձակումը թատրոն էր»:

«Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման խմբակը Տումայի մէջ քիմիական զէնքի յարձակումին վերաբերող ցուցանիշ պիտի չգտնէ», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Ուաշինկթըն քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման յանձնախումբին 48 ժամուան պայմանաժամ ճշդած է Սուրիոյ մէջ հետաքննութիւնը աւարտելու:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ճեֆ Մըրքլի, իր կարգին, «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, թէ, իր կարծիքով, Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածը մօտալուտ է:

Ֆրանսայի խորհրդարանի հետ կապերու հարցերու պետական նախարար Քրիսթոֆ Քասթաներ «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, թէ Փարիզ նախապէս պիտի չտեղեկացնէ Սուրիոյ դէմ հարուածի մասին, եթէ այդպիսի որոշում տրուի:

«Եթէ որոշում, տրուի հարուածներու մասին, ես ձեզի պիտի չըսեմ նաեւ հանրապետութեան նախագահը ձեզի պիտի չըսէ: Ան այդ մէկը պիտի քննարկէ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ», ըսած է Քասթաներ:

Ան յայտնած է, թէ Սուրիոյ դէմ հարուած հասցնելու մասին նախապէս յայտարարելը պիտի վտանգէ գործողութիւնը:

«Եթէ ստեղծուին հարուածներ հասցնելու պայմաններ, այդ մէկը պիտի կատարուի: Ազգային ժողովը եւ Ծերակոյտը պիտի տեղեկացուին անհրաժեշտ պահուն: Սակայն կարեւոր է, որ ատիկա ըլլայ գաղտնի, որովհետեւ հարցը Ֆրանսայի շահերու պաշտպանութեան կը վերաբերի», նշած է Քասթաներ:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ կառավարութեան անդամները համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ մէջ վճռական գործողութիւններու անհրաժեշտութեան շուրջ` քիմիական զէնքի հետագայ օգտագործումը կանխարգիլելու համար: Նախարարները յայտնած են, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ պէտք է շարունակէ աշխատիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ` ճիշդ արձագանգի վերաբերեալ համաձայնութեան հասնելու համար:

Ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով իրավիճակին լաւատեղեակ աղբիւրը, տեղեկացուցած է, որ Ուաշինկթըն կը սերտէ Սուրիոյ մէջ 8 թիրախներ հարուածելու հարցը: Քննարկուող թիրախներու շարքին են երկու սուրիական օդակայաններ, մէկ հետազօտական կեդրոն եւ գործարան, որոնք կապ ունին քիմիական զէնքի արտադրութեան հետ:

Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ սուրիական հրամանատարութիւնը երկրի օդուժի օդանաւերը կը տեղաբաշխեն այն օդակայաններուն մէջ, ուր տեղակայուած են ռուսական օդուժի օդանաւերը` հաշուի առնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի չհարուածեն այդ վայրերը:

Նշենք, որ Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ախպար»-ի յայտնած են, թէ Փութին երէկ հեռաձայնած է Թրամփի, եւ անոնց երկխօսութեան նպատակը եղած է լարուածութեան մեղմացումն ու Թրամփը պատերազմի դիմելէն ետ պահելը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ իր կարգին հաղորդակցութեան մը ընթացքին Փութինի յայտնած է, թէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման համար կ՛ուզէ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը աշխուժացնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.