2018-04-13 14:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 13 ապրիլի քարոզը իսկական ազատութեան մասին


(Վատիկան Նիուզ) Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ ազատութեան երեք օրինակներու մասին. Ան յառաջ բերաւ Փարիսեցի Գամաղիէլի , Պետրոս եւ Յովհաննէս սուրբերու եւ ինքնին Յիսուսի ազատութեան օրինակներ, հաստատելով «իսկական ազատութիւնը կը կայանայ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ տեղ տալու եւ տառապանքին մէջ նաեւ՝ Աստուծոյ ուրախութեամբ հետեւելու մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումին , ուր կը խօսուի  Գամաղիէլ փարիսեցիին մասին , որ կը համոզէ Թեւտասին՝ ազատ արձակել Սուրբ Պետրոսն ու Սուրբ Յովհաննէսը, որոնք բանտկը գտնուին անդամալոյծ մարդ մը  բուժելու պատճառով:

Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Գամաղիէլ ազատ մարդ մըն  է, որ կը մտածէ եւ մտածել կու տայ ուրիշներուն՝ որ ժամանակը իր ընթացքը կը կատարէ  հաստատեց, թէ ազատ մարդ մը չի վախնար ժամանակէն եւ ամէն բան Աստուծոյ ընել կու տայ , ընդգծելով որ ազատութիւնը անհամբեր չէ :

Ան ապա անդրադարձաւ Սուրբ Յովհաննէսի եւ Սուրբ Պօղոսի ազատութեան օրինակին, որ անոնք անմեղ ըլլալով հանդերձ կը պատժուին, սակայն  Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ  Յովհաննէս պատիւ զզագին՝  Յիսուս Քրիստոսի համար  նախատինքի  արժանանալու՝  ընդգծեց թէ այս է Յիսուսին նմանելու ուրախութիւնը, որ այլ ազատութիւն մըն է՝ լայնածաւալ,  մեծ եւ քրիստոնէական ազատութիւն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ներկայացուց Յիսուսի ազատութեան օրինակը, անդրադառնալով Յիսուսի հացերու բազմապատկումի հրաշքին եւ անապատին մէջ սատանային կողմէ կրած փորձութիւններուն, դիտել տալով որ Յիսուս չ՝ենթարկուեցաւ սատանային փորձութիւններուն  որովհետեւ ազատ է եւ  իր ազատութիւնը կը կայանայ Հօր Աստուծոյ կամքին հետեւելու մէջ, մատնանշելով, որ այս է ամենամեծ ազատութիւնը՝ Յիսուսը  որ հետեւացաւ Հօր կամքին, մեզ  կրկին որդեգրելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով մտածել մեր ազատութեան մասին, այս քիչ մը խելագար աշխարհին մէջ, որ ազատութիւն, ազատութիւն կը բացականչէ, սակայն ան աւելիով ստրուկ է: Ապա  յորդորեց մտածել Յիսուսի միջոցաւ  Աստուծոյ շնորհած ազատութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.