2018-04-13 10:31:00

Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ արեւելեան Ղութան


Ռուսական բանակը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութան, որ մինչ այդ կը գտնուէր Ժէյշ Իսլամ զինեալ խմբաւորման տիրապետութեան տակ:

Հմէյմիմի մէջ Սուրիական հաշտութեան ռուսական կեդրոնի ղեկավար գնդապետ-զօրավար Եուրի Եւթուշենքօ լրագրողներու յայտնեց. «Այսօր Սուրիական արաբական հանրապետութեան պատմութեան մէջ նշանակալից դէպք մը պատահեցաւ: Տումա քաղաքին մէջ շէնքի մը վրայ (Սուրիոյ) պետական դրօշի ծածանումը ցուցանիշը դարձաւ բնակավայրին, ուստի նաեւ` ամբողջ Արեւելեան Ղութայի վրայ վերահսկողութեան վերականգնման»:

Նախքան այդ, Ժէյշ Իսլամի զինեալներն ու անոնց ընտանիքները Մուխայամ Ուաֆիտինի անցքի ճամբով հեռացան Արեւելեան Ղութայէն: Շուրջ 8000 զինեալներ, եւ 40 հազար ընտանիքի անդամներ հեռացան Տումայէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.