2018-04-13 10:41:00

Պաքուի մէջ յարձակում ԵԽԽՎի դիտորդներուն վրայ


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ատրպէյճանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններուն նուիրուած եւ Ապրիլ 12ին տեղի ունեցած Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտորդներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երբ դիտորդները սկսած են ներկայացնելու ընտրութիւններու ընթացքին արձանագրուած խախտումները, խումբ մը «լրագրող»ներ յարձակած են դիտորդներուն վրայ՝ պահանջելով փոխել անոնց զեկոյցը:

Չկարենալով շարունակել մամլոյ ասուլիսը՝ դիտորդները ստիպուած հեռացած են դահլիճէն՝ յայտարարելով, որ զեկոյցը կարելի է կարդալ ԵԽԽՎի կայքին վրայ (http://assembly.coe.int/nw/xml/News/News-View-EN.asp?newsid =7020&lang=2&cat=31): Միջադէպէն տեսանիւթ մը հրապարակած է պատգամաւոր եւ դիտորդ Ֆրենք Շուապէ:

ԵԽԽՎի զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ընտրութիւնները կայացած են մրցակցութեան բացակայութեան եւ սահմանափակ ազատութիւններու պայմաններու մէջ: Դիտորդները արձանագրած են օրէնքներու համատարած անտեսում, թափանցիկութեան պակաս եւ բազմաթիւ այլ լուրջ խախտումներ:

Sharing








All the contents on this site are copyrighted ©.