2018-04-13 10:23:00

«Նոյն Երկինքի Տակ». Հայ եւ Թուրք երիտասարդներու մասնակցութեամբ նոր նախագիծ


Թուրք եւ հայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ իրականացուող  «Նոյն երկինքի տակ» խորագիրով ծրագրի առաջին մասը շուտով կ՛աւարտի: Նախագիծի նպատակն է` պարզել, արդեօք իրարու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող, փակ սահմաններով, վարչական եւ առեւտրական կապերը խզած երկու երկրի` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ բնակող երիտասարդները կրնան մտածել ընդհանուր ապագայի մասին, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը:

Ծրագրին մասնակցող 15-35 տարեկան շուրջ 80 երիտասարդի ուղղուած է հետեւեալ հարցը․ «Քեզի համար ինչպիսի՞ ապագայ կը ցանկաս եւ ինչպիսի՞ աշխարհի մէջ»: Ստացուած պատասխանները տեսագրուած եւ 30 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթեր պատրաստուած են: Միեւնոյն ժամանակ ծրագրին մասնակից եւ զիար չճանչցող հայ եւ թուրք երիտասարդներուն առաջարկուած է ձեռագիր նամակներ ուղղել իրարու: Նամակներուն հետ հասցէատէրերուն կը յանձնուին նաեւ հեղինակներուն լուսանկարները: Այս փուլի թրքական (Իզմիր, Ուշաք, Այտըն) եւ հայաստանեան (Երեւան, Գիւմրի) մասը աւարտած է: Բոլոր նամակներու եւ տեսագրութիւններու սղագրութիւնները թարգմանուած են: Նամակները եւ լուսանկարները փոխադարձաբար կը յանձնուին երիտասարդներուն, կը հաստատուին կապեր:

Բոլոր այս ջանքերով երկու ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ կառուցելու փորձ կը կատարուի: Նախագիծը հաւանութեան արժանացած է եւ աջակցութիւն ստանած է երկու երկիրներու մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Աշխատանքներու առաջին մասին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են Թուրքիոյ Հրանդ Տինքի Հիմնադրամը իր ճանապարհորդական դրամաշնորհով, իսկ Հայաստանէն` Արուեստի եւ մշակութային ուսումնասիրութիւններու աշխատանոցի «Արտ Կոմունան», Երեւանի Մարդու իրաւունքներու տունը, Գիւմրիի Երիտասարդական զարգացման կեդրոնը, Երեւանի Կովկասեան հետազօտութիւններու կեդրոնը, որոշ մասնաւոր դպրոցներ եւ համալսարաններ:

Նախագիծի հեղինակ Թահիր Ունը այս ծրագրի ծիրէն ներս իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է որպէս կամաւոր հանդէս եկած Գէորգ Գալտակեանին, Տուրու Օրսին, Օքան Տողանին, Էլեն Կոկչեանին, ֆրանսացի ընկեր Իգա Վանտենհովին, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն եւ  բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն կերպով աջակցած են նախագիծի կայացման:

Ծրագրի երկրորդ հատուածով, որ պիտի սկսի առաջիկային, կը նախատեսուին  ցուցահանդէսներ Հայաստանի  եւ Թուրքիոյ մէջ, գիրքի տպագրութիւն, տեսագրութիւններու ներկայացում: Բացի այդ, նախագիծին նուիրուած յատուկ կայք պիտի ստեղծուի, պիտի ամրապնդուին կապերը հայաստանեան երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ, իսկ դրամաշնորհ գտնելու պարագային իրարու հետ նամակագրական կապ հաստատած հայ եւ թուրք երիտասարդներու փոխադարձ այցելութիւններ պիտի կազմակերպուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.