2018-04-12 09:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք արարողութիւնները մինչեւ Պենտեկոստէ։


(Վատիկան Նիուզ) Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ շաբաթներուն գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը որ սկիզբ կ՛առնէ ուրբաթ 20 ապրիլ 2018-ին Նորին Սրբութեան Ալեսսանօ եւ Մոլֆեթթա քաղաքներուն տալիք հովուական այցելութեամբ, Հայր Թոնինօ Պելլոյի մահուան 25 տարեդարձին առթիւ, մինչ կիրակի 22 ապրիլին Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ  կը գլխաւորէ Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը։

Մայիս ամիսը սկիզբ կ՛առնէ Քահանայապետին Հռոմի »Տիվինօ Ամորէ» Մարեմեան Սրբավայր կատարելիք հովուական այցելութեամբ՝ մայիս մէկի յետմիջօրէին, ուր սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով սկիզբ կը տրուի Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած ամիսին։

 Շաբաթ 5 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Թոր Վերկաթայի համալսարանական համալիրը, ուր առաւօտեան ժամը 11-ին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նէոքաթեքումենալ շարժումի հիմնադրութեան 50-րդ ամեակին առթիւ նախատեսուած հաւաքին, ապա 10 մայիսին Ան կ՛այցելէ Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումին կեդրոնը որ կը գտնուի Նոմատելֆիա եւ Լոփիանօ քաղաքներու միջեւ։

19 մայիս 2018-ի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ կը գլխաւորէ Կարդինալական Համահաւաքը որուն առթիւ կը վաւերացուին սուրբերու դատեր, ապա 20 մայիս 2018-ին, Պենտեկոստէի տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Պետրոսին մէջ կը գլխաւորէ Հոգեգալստեան տօնի Սուրբ Պատարագը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.