2018-04-12 10:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը Ալճերիոյ մէջ զինուորական օդանաւին արկածին ի լուր.


(Վատիկան Նիուզ) Ալճերիոյ մէջ ջախջախուած զինուորական օդանաւին արկածին տխուր լուրին առիթով, որուն պատճառաւ արձանագրուեցան աւելի քան 257 մեռեալներ,Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիր ուղղեց Ալճերիոյ թեւմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Փոլ Տեսֆարձեսին, յայտնելով որ ֆրանչիսկոս Պապ աղօթքով կը միանայ զոհերու ընտանիքներուն վիշտին, աղէտին թիրախ դարձող բոլոր անձերուն ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ համայն ժողովուրդի սուգին:

Սրբազան Քահանայապետը -գրած է կարդինալ Փարոլին- Տիրոջմէ կը հայցէ, որ Իր խաղաղութեան մէջ ընդունի բոլոր մեռեալները եւ մխիթարէ անոնց որոնք ծանրապէս վիրաւորուած են: 

Քահանայապետը Աստուածային խնամակալութեան կը հայցէ բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են շտապ օգնութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ համայն ազգին կը հայցէ մխիթարութիւն: Գրած է կարդինալ Փարոլին ցաւակցական հեռագիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.