2018-04-12 12:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 12 ապրիլի Քարոզը՝ Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:


(Վատիկան Նիուզ) Հինգշաբթի, 12 ապրիլ 2018-ին, Սուրբ Զատկուայ տօնական օրերուն կարճ դադարէ ետք, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Գրային ընթերցումին վրայ՝ քաղուած գործք առաքելոց գիրքէն՝ ուր կը խօսուի Սուրբ Պետրոսի բանտէն ազատագրումին մասին,  դիտել տուաւ, որ մեր օրերուն աւելի հալածուած քրիստոնեաներ կան քան քրիստոնէութեան սկզբնական շրջանին. բանտերուն մէջ՝ Քրիստոսը դաւանելու համար,  մորթուած կախաղան հանուած քրիստոնեաներ,  յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Յիսուսի առաքեալները բնորոշող  յատկութիւններուն մասին. ուրախութիւն, վկայութիւն, գործնականութիւն:

Սուրբ Զատկուայ յաջորդող 50 օրերը առաքեալներուն համար եղաւ ուրախութեան ժամանակաշրջան՝ Քրիստոսի Յարութեան համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւն աեւելցնելով, որ այդ ուրախութիւնը, որ սկզբնական շրջանին տակաւին վրդովումով յատկանշուած ուրախութիւն էր՝ Սուրբ Հոգիին գալուստէն ետք դարձաւ իսկական ուրախութիւն. ուրախութիւն՝ առանց տատամսումի ու վախի եւ առանց մտահոգութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ՝ ակնարկեց հնազանդութեան  հաստատելով, թէ հնազանդութեան կեանքը կը կայանայ Յիսուսի ուղիին հետեւելու եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ: Հնազանդութեան ճանապարհը մեր առջեւ բացաւ նոյնինքն Որդին ու Քրիստոնեան ըլլալու է «հնազանդ Աստուծոյ» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ անդրադարձ կատարելով Առաքեալներուն այլ  յատկութեան, որ  է  վկայութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ քրիստոնէական վկայութիւնը ձանձրոյթ կը պատճառէ որովհետեւ այդ վկայութիւնը փոխզիջումներ չի ճանչնար եւ գիտէ ընկերանալ այն անձերուն որոնք չեն բաժնեկցիր մեր մտածելակերպն ու հաւատքը, գիտէ հանդուրժել սակայն երբեք ճշմարտութենէն չի զիջիր» ընդգծեց Սրբազան Պապը ակնարկելով հալածուած քրիստոնեաներուն  յատկապէս Ափրիկեան ցամաքամասի ու Միջին Արեւելքի մէջ։ Անոնք իրենց վկայութիւն կու տան մինչեւ վերջ հաստատեց Սրբազան Պապը ու խօսեցաւ   գործնական ըլլալու  յատկութեան   մասին,  յայտնելով թէ Առաքեալները  կը խօսէին շօշափելի  իրողութիւններու մասին եւ ոչ չ թէ առասպելական բաներու մասին : Ինչպէս առաքեալները տեսան եւ դպչեցան Յիսուսին  իւրաքանչիւր  հաւատացեալ եւս  իր կեանքին մէջ դպչեցաւ Յիսուսին – նշեց Նորին Սրբութիւնը  դիտել տալով, որ շատ անգամ մեր կեանքի ընթացքին  մեղքերը,  փոխզիջումները ու վախը մոռացութեան կը մատնեն այդ  առաջին հանդիպումը որ մեր կեանքը փոխեց ,ապա յորդորեց «Սուրբ Հոգիէն մշտապէս խնդրել գործնական ըլլալու շնորհքը։ Յիսուս անցաւ իմ կեանքիս ընդմէջէն, մուտք գործեց սրտիս մէջ, Սուրբ Հոգին եւս մուտք գործեց սրտիս մէջ , սակայն հաւանական է որ ես մոռցայ այդ հանդիպման պահը ուստի խնդրենք առաջին հանդիպումի յիշատակի շնորհքը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով հաւատացեալները այդ շնորհքը հայցել մէկը միւսին համար ու հայցել նաեւ  Սուրբ Զատկուան ուրախութիւնը, այն ուրախութիւնը որ Սուրբ Հոգիէն կու գայ ՝ հնազանդութեան, վկայութեան եւ գործնական ըլլալու զատկական ուրախութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.