2018-04-11 09:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մայիս մէկին պիտի այցելէ Հռոմի «Տիվինօ Ամորէ» Սրբավայրը:


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ին,Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրեք Պուրք, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ  տեղեկացուց  թէ 1 մայիս 2018-ին՝ յետմիջօրէին Ֆրանչիսոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի «Տիվինօ Ամորէ» սրբավայր,  Տիրամօր նուիրուած մայիսեան ամսուան՝ Վարդարանի ջերմերենդական աղօթքի բացումի արարողութեան առթիւ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ շաբաթ, 5 մայիս 2018ին, առաւօտեան ժամը 11,00-ին, Հռոմի Թոր Վերկաթա շրջանին մէջ Ֆրանիսոս Պապ պիտի նախագահէ  «Նեոքաթեմունալ» շարժումի   հաւաք հանդիպումին, որ  կազմակերպուած է՝  «նեոգաթուքեմնալ» շարժումին սկզբնաւորութեան  50 ամեակի առիթով:    








All the contents on this site are copyrighted ©.