2018-04-11 09:14:00

Մոսկուա կը յուսայ, որ հարցերը Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի հետ ուղղակի բախումի չեն հասնիր


Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկուշաբթի գիշեր հանդիպում ունեցած է ամերիկեան բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներուն հետ` քննարկելու համար «ամերիկեան շահերը պաշտպանելու քայլերը»: Ան վերահաստատած է Քոնկրեսի հետ պաշտպանութեան պիւտճէին շուրջ իր գոյացուցած համաձայնութեան ճամբով զինեալ ուժերը վերականգնելու իր խոստումը:

Կը սպասուէր, որ հանդիպումի ընթացքին Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը որոշումը որդեգրուի, մանաւանդ որ Թրամփ խոստացած էր երկուշաբթի գիշեր «արագ եւ ուժեղ քայլեր» կատարել` հակադարձելու համար Դամասկոսի գիւղական Տումա շրջանին մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման: Թրամփ զինուորականներու հետ իր հանդիպումէն առաջ յայտնած էր, թէ այդ առնչութեամբ որոշում մը պիտի տայ «շատ կարճ ժամանակ ետք»` աւելցնելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ վերաբերեալ «զինուորական բազմաթիւ ընտրանքներ ունի»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն «զինուորական հաւաքական հակադարձութեան մը» կարելիութիւնը կը սերտէ:

Սպիտակ տունը իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են իրենց հակադարձութիւնը համակարգելու համար:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի իր կարգին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն քիմիական զէնքով յարձակումին պիտի հակադարձէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը քայլերու դիմէ կամ ոչ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն բանբեր մը ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին յայտնեց. «Բոլոր ծրագիրները դարակէն դուրս բերուեցան, եւ Թրամփ իր տրամադրութեան տակ ունի բազմաթիւ ընտրանքներ, որոնց ոչ բոլորը զինուորական են»:

Փենթակոնի բանբերներէն Էրիք Պահըն իր կարգին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սեղանի վրայ դրուած են կարգ մը ընտրանքներ, «որոնցմէ ոմանք զինուորական են, ուրիշներ դիւանագիտական, սակայն նախագահի որոշումէն առաջ չեմ կրնար այս մասին խօսիլ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ զինուորական ուղղակի բախումի մը վտանգը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ երկու կողմերուն միջեւ այդ հարցով «գործնական հաղորդակցութիւններ» գոյութիւն ունին:

Անոր կարծիքով` Սուրիոյ մէջ «առողջ տրամաբանութիւնը պիտի տիրէ»` աւելցնելով. «Կը յուսանք, որ հարցերը Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուղղակի բախումի չեն հասնիր»:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ծովուժի «Փորթըր» խորտընկէցը քանի մը օրէն մուտք պիտի գործէ Միջերկրական ծով եւ միանայ արդէն իսկ այդտեղ գտնուող ամերիկեան «Տանըլտ Քուք» խորտընկէցին, որ զինուած է «Թոմահոք» տիպի 60 թեւաւոր հրթիռներով:

Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ չորս անգամ թռիչք կատարած են Թարթուսի նաւահանգիստէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող եւ «Թոմահոք» տիպի 60 հրթիռներով զինուած ամերիկեան մարտանաւի մը վերեւ, որ Կիպրոսէն ուղղուած էր դէպի Սուրիա:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, թէ Թուրքիան կասկած չունի, որ Տումայի մէջ իսկապէս քիմիական զէնքով յարձակում գործուած է` աւելցնելով, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ շահերու բախման զոհը պիտի չդառնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.