2018-04-11 12:56:00

Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի ''ՎԵՍԱՔ''ի տօնին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Vesakh»` Լոյսի տօնին առթիւ, Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդը իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ, բոլոր անոնց որոնք կ՛ ոգեկոչեն ''Gautama Buddha''-ի կեանքի երեք հանգրուանները. ծնունդը, լուսաւորութիւնն ու մահը։

Արդարեւ աւանդութիւն դարձած է որ Պուտտայականներու Vesakh – ի  տօնին առթիւ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը շնորհաւորագիր մը ուղղէ  Պուտտայականներուն։

Այս տարուայ շնորհաւորագիր-պատգամին հիմքը կը կազմէ «կաշառակերութեան հարցը» ու այդ կաշառակերութիւնէն ազատ մշակոյթի մը խթանումը։

Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ժան Լուի Թոռան այս առընչութեամբ կը մատնանշէ ԱՄԿ-ի կողմէ հաստատուած կաշառակերութեան դէմ պայքարի միջազգային օրուան, որ կը նշուի 9 դեկտեմբերին, հաստատելով թէ որպէս կրօնական առաջնորդներ «մենք եւս պէտք է սատարենք օրինականութեան եւ թափանցիկութեան վրայ հիմնուած մշակոյթի մը խթնման»։ Ապա ակնարկելով Քահանայապետին 2018-ի Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան, որով Ան կոչ կ՛ուղղէ «Ոչ» ըսելու կաշառակերութեան, Քահանայապետին հետ միասին կը հաստատէ թէ կաշառակերութենէ ձերբազատուելու ճանապարհը ծառայութիւնն է՝ ծառայութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը։

Կարդինալ Թոռան կը մատնանշէ ապա Պուտտայական ուսուցումներուն որոնք կաշառակերութիւնը կը համարեն մտային ախտ որ կը յառաջացնէ տառապանք ու կ՛ապականէ ընկերութիւնը, վտանգի կ՛ենթարկէ կեանքը  ու սպառնալիք է նաեւ ընկերութեան ու անհատներուն։

«Մարդիկը կը գայթակղին կաշառակեր մարդոց վարուելակերպէն ու շատեր կը բողոքեն անոր դէմ» կը գրէ Կարդինալ Թոռան իր պատգամին մէջ ընդգծելով թէ կարելի չէ կաշառակերութեան պատասխանել լրութեամբ ու թէ հարկաւոր է ամէն ջանք դափել կաշառակերութեան երեւոյթը վերացնելու համար։

Մենք՝ Պուտտիսթներ եւ Քրիստոնեաներ, պէտք է միասնաբար համագործակցինք, կանխարգիլելու համար կաշառակերութիւնը ու արմատախիլ ընելու անոր պատճառները ու այս ուղղութեամբ պէտք է մեր հետեւորդները քաջալերենք աճելու «բարոյական ամբողջականութեամբ» ու պատասխանատու ու հաւասարութեան գաղափարով։

Կաշառակերութեան դէմ պայքարի  մեր այս  յանձնառումը ներգրաւելու է նաեւ հաղորդակցութեան միջոցները ու քաղաքացիական ընկերութիւնը, կանխարգիլելու ու դատապարտելու համար այդ երեւոյթը ստեղծելով կաշառակերութեան դէմ հանրային գիտակցութիւն, պատասխանատու դարձնելու բոլոր անհատները որոնք կը զբաղին հանրային հարցերով  ու ազգային հասարակաց բարիքով, ապա արդարութեան յանձնելով կաշառակերութեան յանցաւորները։ 

Պատգամի աւարտին Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կոչ կ՛ուղղէ միասնաբար յանձնառու ըլլալ որպէսզի ընտանիքներուն, ընկերային կառոյցներու ու կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական միջավայրերը ըլլան կաշառակերութենէն ազատ միջավայրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.