2018-04-10 15:00:00

Ֆրանչիսոկս Պապի 10 ապրիլի թուիթը՝ քաղուած Սրբութեան հայող առաքելական յորդորագիրէն


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական թուիթերեան @pontifex կայքին վրայ հրապարակեց այլ թուիթներ, քաղուած «ուրախացէք եւ ցնծացէք» սրբութեան հայող առաքելական յորդորագիրէն, որոնց մէջ ընդգծեց սրբութեան հասնելու ուղեւորութիւնը՝ թելադրելով ապրիլ աղքատութեամբ եւ հեզութեամբ ու գործել ողորմածութեամբ։

«Ըլլալ սրտով աղքատ, հակադարձել խոնարհ հեզութեամբ, գիտնալ ողբալ ուրիշներուն հետ, փնտռել արդարութիւնը անօթութեամբ եւ ծարաւով, նայիլ եւ գործել որորմածութեամբ։ Այս սրբութիւն է»։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ :

Ան աւելի ուշ հրապարակեց երկրորդ թուիթ մը որուն մէջ գրեց.

«Սիրտը մաքուր պահել ամէն բանէ, որ սէրը կ՝աղտոտէ, մեր շուրջը խաղաղութիւն սերմանել, ամէն օր ընդունիլ Աւետարանի ուղին՝ հակառակ որ դժուարութիւններ կը յարուցէ մեզի: Այս սրբութիւն է»: Գրեց  Ֆրանչիսկոս Պապ:   

 








All the contents on this site are copyrighted ©.