2018-04-10 09:39:00

«Ամերիկեան հարուածի մը պարագային Ռուսիան Դամասկոսի նկատմամբ յանձնառութիւններ ունի» կը զգուշացնէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման ամբաստանութիւնները պարզապէս սադրանք են»` նշելով. «Սուրիա գտնուող ռուս զինուորները բազմիցս զգուշացուցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումով սադրանքներէ»:

Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիական կարմիր մահիկի ներկայացուցիչները քաղաքայիններու դէմ քիմիական զէնքի օգտագործման հետքեր չգտան:

Լաւրով ըսաւ, թէ իր երկիրը դէմ է Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման պնդումներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելուն, սակայն, աւելցուց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շատ արագ եզրակացուցին, թէ Տումայի մէջ քիմիական զէնքի կիրարկման ետին կը կանգնի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:

«Այսօր Հոմսի գիւղական շրջանին մէջ Թայֆուր օդակայանին դէմ հարուածէն ետք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը դառնայ վտանգաւոր: Ամերիկեան հարուածի մը պարագային Ռուսիան Դամասկոսի նկատմամբ յանձնառութիւններ ունի», ընդգծեց Լաւրով:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիան պէտք է Սուրիոյ բանակին յանձնէ Աֆրինը:








All the contents on this site are copyrighted ©.