2018-04-09 13:49:00

Գաղթականներու «Ասթալլի կեդրոնատեղիին» 2018 տարուան տեղեկագիրի ներկայացում


(Վատիկան Նիուզ) Երկուշաբթի, 9 ապրիլ 2018-ին, Հռոմի՝ Յիսուսեան միաբանութեան հոգածութեան տակ գտնուող գաղթականներուն Ասթալլի կեդրոնին մէջ ներկայացումը կը կատարուի կեդրոնատեղիին 2018 տարուան տեղեկագիրին :

Տեղեկագիրին ներկայացման մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցողներու շարքին են Սուրբ Աթոռի գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն բաժանմունքի  ենթաքարտուղարը հայր Ֆապիօ Պաճօ, Իտալիոյ ՌԱՅ հեռուստակայանի նախագահ Մոնիքա Մաճոնի  եւ Ասթալլի կեդրոնին նախագահ ՝Հայր Քամիլլօ Ռիբամոնթին:

Տեղեկագիրին մէջ ընդհանուր ակնարկ կը կատարուի 2017 տարուան ընթացքին քաղաքական ապաստանութեան համար Ասթալլի կեդրոն դիմող գաղթականներուն իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ կեդրոնին կողմէ գաղթականներուն մատուցուած ծառայութիւններուն մասին:

Ասթալլի կեդրոնին հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը նշուի թէ Ասթալլի կեդրոնատեղին կ՛ուզէ հանդիսանալ գործիք մը ի յայտ դնելու համար Ւտալիա հասnնղ փախստականներու քաղաքացիական ինքնութիւնները ապա բացայայտել դժուարութիւնները որոնց կը հանդիպին գաղթականները ընկալումի ներառումի գործընթացի ժամանակ։ 

2018 տարուան տեղեկագիրին մէջ Ասթալլի կեդրոնը նկարագրուած է իրականութիւն մը ուր շնորհիւ 600 կամաւորներու  կը համակերպի երկրի մը ընկերային  եւ օրէնսդրական փոփոխութիւններուն, որ տակաւին կը դժուարի պատշաճ ծառայութիւն մատուցանելու՝ պատերազմներէ ու  հալածանքներէ խոյս տուող գաղթականներուն,  որոնք կը փորձեն Իտալիա  հասնիլ պաշտպանութիւն փնտռելու համար:

Այս տարուայ տեղեկագիրը հարուստ է ապա նկարներով, որոնց ընդմէջէն պատերը կը վերածուին երկխօսութեան ու հանդիպումի կամուրջներու մինչ տեղեկագիրի աւարտին հրապարակուած է գաղթականներու միջազգային օրուան առիթով Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրռօ Փարոլինի ներկայացուցած զրոյցը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.