2018-04-07 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պրեշա թեմէն երիտասարդներ։


(Վատիկան Նիուզ)  Շաբաթ 7 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Պրեշա թեմէն Հռոմ ժամանած 3 հազարէ աւելի երիտասարդներ, ընկերակցութեամբ իրենց Եպիսկոպոսին ու իրենց կազմաւորումով զբաղող առաջնորդներուն։

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ երիտասարդներու դերակատարութեան վրայ, ակնարկելով յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ կայանելիք՝ երիտասարդներուն  նուիրուած  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, որուն բնաբանն է «Երիտասարդները, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը» ու հաստատելով թէ այդ սիւնհոդոսը կը պատրաստուի մեծ ուշադրութեամբ ու յատկապէս ունակութեամբ ունկնդրելով երիտասարդներու ձայնին, «իսկական ունկնդրութիւն» որովհետեւ «պատրաստակամ ենք միասին քալել, կիսել երազները ու փոփոխութիւններ յառաջացնել» յարեց Քահանայապետը ու հարց տուաւ երիտասարդներուն. «եպիսկոպոսները պատրաստ են ձեզ ունկնդրելու սակայն դուք պատրա՞ստ էք ունկնդրել Յիսուսին ձայնը ու բան մը փոխել ձեր մէջ»։ «Եթէ այստեղ կը գտնուիք, վստահ եմ որ պատրաստ էք, սակայն կը հրաւիրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը այս հարցումին պատասխան տայ իր սրտին մէջ» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով այլ հարցում մը «Ո՞րն է Յիսուսին երազը» ու պատասխանեց. Անոր երազը կը գտնուի Աւետարաններուն մէջ՝ «Աստուծոյ Արքայութիւնը» որ կը նշանակէ Սէր Աստուծոյ նկատմամբ ու սէր մեր միջեւ, որով կը կազմենք քոյրերու եւ եղբայրներու մեծ ընտանիք մը,  որուն Հայրը Աստուած է, որ կը սիրէ իր բոլոր զաւակները եւ ուրախութեամբ կ՛ընկալէ կորսուած ոչխարը։ Ահա այս է Յիսուսին երազը. Դուք պատրա՞ստ էք ձերը ընելու զայն։ Պատրա՞ստ էք փոխելու դուք ձեզ այդ երազին ձգտելու համար»  հարցում ուղղեց դարձեալ Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը «Ով որ կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ թող ուրանայ իր անձը խաչը առնէ ու ետեւէս գայ» ու հաստատելով թէ ինքզինք ուրանալ կը նշանակէ մոռնալ մեր մէջ գտնուող «հին մարդը» որ չի հետեւիր Աստուծոյ տրամաբանութեան, սիրոյ տրամաբանութեան, այլ կը հետեւի եսասիրութեան ու անձնական շահի տրամաբանութեան։

Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ մեզ ազատելու համար ստրկութենէն, ներքին ստրկութիւնը որ մեղքն է- ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Միայն Յիսուս կարող է մեզ ազատել այդ չարէն, սակայն պէտք ունի մեր համագործակցութեան, մեր աղօթքին «Յիսուս ներէ ինծի եւ ինծի տուր սիրտ մը քու սրտիդ նման, հեզ եւ լի սիրով»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ այդպիսի աղօթք մը գոհունակութեամբ կ՛ընկալուի Յիսուսին կողմէ եւ թէ այս մէկը փորձարկած են շատ մը սուրբեր. ինչպէս Ասսիզիի Ֆրանչիսկոսը որ երազներով լի երիտասարդ մըն էր սակայն անդրադարձաւ թէ այդ երազները կը պատկանէին աշխարհին ու երբ Սուրբ Տամիանի եկեղեցւոյ մէջ Յիսուս անոր հետ կը խօսի, անոր կեանքը կը փոխուի եւ Ֆրանչիսկոս ընկալելով Յիսուսին երազը կը մերկանայ հին մարդէն, ինքզինք կ՛ուրանայ, կը հրաժարի «ես» էն ընկալելով Յիսուսին «ես»ը, խոնարհ, աղքատ, պարզ եւ ողորմած, լի ուրախութեամբ ու արարչութեան նկատմամբ հիացմունքով» յարեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց նաեւ Պօղոս Զ քահանայապետին որ բացի Քահանայապետ ըլլալէ եղած է նաեւ երիտասարդ, «ճիշդ ձեր քաղաքէն» դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները ուսումնասիրելու անոր կեանքը, բացայայտելու թէ ո՞վ էր, ինչպէս ապրած է իր երիտասարդութիւնը, որո՞նք էին անոր երազները», ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները  ու Աստուածամօր հովանին։ «Կը յանձնարարեմ մի մռռնաք աղօթել ինծի համար» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ երզափակելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.