2018-04-06 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 6 ապրիլ 2018-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որուն մէջ ան շեշտը դրաւ արդի տնտեսական համակարգի վրայ, դատապարտելով այն տնտեսութիւնը որ «բացառուածներ» կը յառաջացնէ։

Տնտեսութիւնը՝ չի կրնար պահանջել միայն շահը աճեցնել, նուազեցնելով աշխատանքի շուկան, եւ այդպէսով ստեղծել նոր բացառուածներ։

Ան հետեւելու է գործարարներու, քաղաքական մարդոց, մտաւորականներուն եւ հասարակական գործիչներուն որոնց առաջնահերթութիւնը մարդ անհատն է, եւ ամէն կարելին կ՛ընեն ապահովելու արժանավայել աշխատանքի հնարաւորութիւններ։

 Միացած բարձրացնենք մեր ձայնը որպէսզի տնտեսութեան մատակարարման ու մտքի պատասխանատուները՝ քաջութիւնն ունենան մերժելու բացառումի տնտեսութիւնը ու գիտնան որոնել նոր ուղիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.