2018-04-06 12:22:00

Վանականութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին


Նախկին հաղորդումներուն մէջ յիշած էինք Գրիգոր Տաթեւացիի տուած բացատրութիւնը քրիստոնեայ հասարակութեան զանազան դասերու մասին։ Գրիգոր Տաթեւացի կը զանազանէ աշխարհականներ, սարկաւագներ, քահանաներ, եպիսկոպոսներ եւ ապա մանրամասնօրէն բացատրութիւն կու տայ միայնակեացներու մասին։ Գրիգոր Տաթեւացի նախ կը բացատրէ թէ միայնակեացի կեանքը ամբողջական նուիրումi կեանք մըն է։ Ապա կʼանդրադառնայ միայնակեացներու զանազան կարգերուն եւ անոնց ընդունման արարողութեան։ Ան կը գրէ՝ «Արդ՝ ասոնք առհասարակ կը կոչենք աբեղաներ, ինչպէս եւ քահանաներ։ Ասոնք կը բաժնուին երկու դասերու, ոմանք մոնոզոններ են եւ ոմանք կրօնաւորներ եւ սքեմաւորներ։ Արդ՝ մոնոզոնները ներքին են եւ փոքր, ինչպէս սարկաւագները, որոնք կը խոստանան կուսակրօն կեանք ապրիլ։ Սքեմաւորները վեհագոյններն են եւ երէցները, որոնք ոչ միայն կուսակրօնութիւնը յանձն կʼառնեն, այլ եւ միսէ եւ գինիէ պահք բռնելով եւ տքնութեամբ իրենց անձը կը չարչարեն եւ զայն խաչ կը հանեն Քրիստոսի համար։

Արդ՝ կրօնաւորական կեանքի նուիրուիլ ուզող անձը, հոլանի եւ առանց գօտիի, այսինքն բաց գլխով եւ գօտին քակած, կու գայ եկեղեցւոյ դուռը, քահանային մօտ, որ վանահայրն է։ Այս կեցուածքով ցոյց կու տայ, թէ լքած եւ անձէն հեռացուցած է աշխարհի սէրը, եւ մերկացած է ամէն ինչէ, եւ մեղքը չի ծածկեր մարմնական ծածկոյթով, այլ բաց եւ յայտնապէս։ Զայն կը տանին եկեղեցի՝ ձեռքը մոմ տալով։ Ան չի ծնրադրեր մէկ ոտքով՝ ինչպէս սարկաւագը, եւ ո՛չ ալ երկու ոտքով՝ ինչպէս քահանան, եւ ո՛չ ալ աւետարանը գլխուն վրայ՝ ինչպէս եպիսկոպոսը. այլ քահանային ետեւը կը կանգնի, գլուխը խոնարհած։ Այս ցոյց կու տայ, թէ ուրիշները ներգործելու կարգ չունի, եւ ո՛չ ուրիշները մաքրելու՝ ինչպէս սարկաւագը, եւ ո՛չ ալ լուսաւորելու՝ ինչպէս քահանան, եւ ո՛չ ալ կատարելագործելու՝ ինչպէս եպիսկոպոսը, այլ ինքն իր անձին ներգործել, իր անձին վրայ գործել եւ ոչ ուրիշներուն։ Ապա նաեւ միայնակեացը չի կրնար Աւետարան կարդալ, եւ ո՛չ ալ բուրվառով խնկարկել, եւ ո՛չ մաքրել եւ ո՛չ քարոզել։ Որովհետեւ ասոնք սարկաւագներու իշխանութիւններն են։ Ապա նաեւ չի կրնար քահանայագործել՝ ո՛չ մկրտել եւ ո՛չ պատարագել կամ պսակել։ Ո՛չ ալ կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, եւ ո՛չ խաչ տալ, եւ ո՛չ այն ամէն բան որ քահանաներուն գործն է։ Այլ եւ ո՛չ ալ կրնայ եպիսկոպոսի նման գաւազան բռնել, կամ կարգ տալ, կամ քահանայական կարգ առնել, կամ համարձակիլ հրամայել քահանայի կամ սարկաւագներու։

Քահանային մօտ կանգնելով ան ցոյց կու տայ, թէ շատ մը բաներով հեռացած է աշխարհական կեանքէ եւ ասոր համար քահանային մօտիկ կը կանգնի։ Նմանապէս քահանան պէտք է աղօթէ, պահք բռնէ եւ աստուածակերպ ըլլայ։ Եւ ապա քահանան կը դառնայ նուիրեալին եւ կը հարցնէ անոր՝ նախ հրաժարիլ ամէն տեսակ կենցաղներէ, եւ ապա յանձն առնել պահել բոլոր պատուիրաններու լուծը, եւ ան կը խոստովանի եւ յանձն կʼառնէ պահել բոլորը։ Եւ թէեւ շատ են հրաժարականները իրենց մանրամասնութեամբ, սակայն երեք խումբի կը բաժնուին։ Նախ հրաժարիլ սիրելիներէ, այսինքն՝ ծնողքէ, զաւակներէ, կնոջմէ, եղբայրներէ եւ ուրիշներէ, ինչպէս Քրիստոս հաստատեց կանոնը՝ այսպիսիներու համար՝ «Եթէ մէկը չուրանայ հայր եւ մայր եւն, եւ առնէ խաչը եւ իմ ետեւէս գայ»։ Երկրորդ՝ կը հրաժարի մարմնաւոր բաներէ՝ հօրենական ստացուածքէ, վաճառքներէ եւ շահերէ, եւ այլ բաներէ՝ «որովհետեւ չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնայի»։ Երրորդ՝ հրաժարիլ զգայարանքներու հեշտութենէն՝ այսինքն՝ ուտելիքէ, ըմպելիքէ, քնանալէ, տեսութենէ, զգեստէ, ծուլութենէ, ձանձրոյթէ եւ այլ բաներէ։ Ահա ասոնք մարմնապէս հրաժարելիքներ են։ Իսկ հոգեպէս նոյնպէս կը հրաժարի երեք բաներէ։ Նախ՝ կամքէն, որովհետեւ իր կամքին տէրը չէ։ Երկրորդ՝ չար խորհուրդներէ, այսինքն որ միտքը անզբաղ պահէ ցնորքներէն։ Երրորդ՝ հպարտութենէ, սնափառութենէ, նախանձէ, քինախնդրութենէ, ատելութենէ եւ այլ բաներէ։ Կը խոստովանի այս բոլորէն հրաժարումը՝ քահանային առջեւ եւ կʼուխտէ Աստուծոյ։ Եւ քահանան կը խաչակնքէ եւ կը դրոշմէ զայն, որպէս Քրիստոսի պատկանող։ Ապա նուիրեալը ինքն իր ձեռքով մկրատը առնելով կու տայ քահանային, եւ ան մազերը կը կտրէ հինգ տեղերէ՝ խաչանման՝ ճակտին վրայ, գագաթին վրայ, քունքերուն վրայ եւ ականջներուն մօտ։ Եւ ապա կը մաքրեն գագաթը ամբողջութեամբ։ Եւ այս կը խորհրդանշէ, ինչպէս ըսուեցաւ քահանայի արարողութիւններուն մէջ, կտրել բոլոր ցանկութիւնները եւ մարմնոյ գեղեցկութիւնը, եւ չընդունիլ պճնուիլը եւ մազերը օծել եւ հիւսելը։ Որովհետեւ ինչպէս գարշահոտութիւնը գարշ մարմնի նշան է, այնպէս ալ պճնուիլը կը յայտնէ ախտին ցանկութիւնը՝ որ սրտին մէջ է։»








All the contents on this site are copyrighted ©.