2018-04-04 08:09:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ասորի Եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին


Երկուշաբթի, 2 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը: Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ երկար հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան, սփիւռքի զանազան գաղութներու եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ երկու եկեղեցիներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:

Հանդիպումի աւարտին պատրիարքը վեհափառ հայրապետը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Միջին Արեւելքի մէջ կայք հաստատած արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումին:

Յայտնենք, որ հանդիպումին ներկայ էին Եփրեմ արք. Թապագեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան, տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչի օգնական  Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.