2018-04-03 13:30:00

«Յարուցեալ Քրիստոս Խաղաղութիւն պարգեւէ մեր օրերուն» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Քրիստոս որ յաղթեց մեղքի ու մահուան խաւարին խաղաղութիւն պարգեւէ մեր օրերուն»։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, երեքշաբթի 3 ապրիլ 2018-ին հրապարակած թուիթը որով Սրբազան Քահանայապետը խաղաղութեան պարգեւը հայցեց Մեր Տիրոջ ու Փրկիչ՝ Քրիստոսէն։ Իսկ 2 ապրիլին հրապարակած թուիթին մէջ Ան հրաւիրած էր հաւատացեալները խոկալու Քրիստոսի պարապ գերեզմանին վրայ ու այնտեղ սեւեռելով իրենց հայեացքը նորոգելու  հաւատքը՝ այն համոզումով թէ Քրիստոսի հետ ոչ մի բան կը կորսուի. «Խոկալով Քրիստոսի պարապ գերեզմանին վրայ վերանորոգենք այն հաւատքը թէ Անոր հետ ոչ մի բան կը կորսուի» գրած էր  Սրբազան Քահանայապետը 2 ապրիլին հրապարակած թուիթին մէջ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.