2018-04-01 10:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Զատկուայ պատարագի սրտաբուխ քարոզը ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի մէկ Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հոլանտայէն նուիրուած գոյնզգոյն ծաղիկներով զարդարուած գեղեցիկ եւ հմայիչ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի մը վրայ  նախագահեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած սրտաբուխ  քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց օրուան կեդրոնական Աւետիսին «Յիսուս Յարութիւն առաւ»։ Կիները որ գերեզման փութացին անակնկալի առջեւ գտնուեցան - ըսաւ Ան - որովհետեւ մեր Աստուածը միշտ անակնկալներ կը վերապահէ մեզի։ Ան անակնկալներու Աստուած է։ Աստուած  մեզ կը զարմացնէ իր անակնկալներով եւ անակնկալը ընդհանրապէս կը դպչի սրտին..կը յուզէ» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց այլ իրողութեան Ապա «արագ ընթանալ - վազել» մատնանշելով կիներուն որոնք  հազիւ իմացան Յրութեան լուրը արագ փութացին միւս աշակերտներուն մօտ նոյնը ըրին նաեւ Պետրոսն ու Յովհաննէս որոնք վազեցին գերեզման։ Աստուծոյ անակնկալները մեզ կը մղեն  «արագ ընթանալու, վազելու, աւետելու համար անոր անակնկալը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով աւետարանական անձնաւորութեան մը որ  դանդաղութեամբ շարժեցաւ. Թովմաս առաքեալ, որուն նկատմամբ սակայն Տէրը համբերատար գտնուեցաւ ու անոր ցուցաբերեց իր անհուն ողորմութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հարց տուաւ ու հրաւիրեց հարց տալ «մեր սիրտը բա՞ց է Աստուծոյ անակնկալներուն, կը համապատասխանէ անոնց արագօրէն շարժելով թէ կը միտինք միշտ յետաձգել այդ մէկը»։ «Այսօր՝ 2018-ի Զատկուայ առթիւ Ո՞րն է պատասխանս» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.