2018-04-01 14:00:00

«Յարութիւնը քրիստոնէական պատգամին հիմքն է» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 1 ապրիլ 2018-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն  մէջ հաստատեց թէ «Զատիկը քրիստոնէական պատգամին հիմքն է»։

«Մեր Հաւատքը ծնունդ կ՛առնէ Զատկուայ առաւօտուն. Յիսուս կենդանի է։ Այս փորձառութիւնը հիմքն է քրիստոնէական պատգամին» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Աւելի ուշ Ան հրապարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ 1Տէրը իսկապէս Յարեաւ» ապա բոլորին մաղթեց «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ»։

«Այսօր կը հնչէ ամենագեղեցիկ աւետիսը. «Տէրը իսկապէս Յարեաւ այնպէս ինչպէս կանխատեսած էր»։ Շնորհաւոր Սուրբ Զատի բոլորիդ» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.