2018-02-28 09:15:00

Փորձութիւններուն շրջանը (Մարկ 1, 12-14) – Խորհրդածութիւն՝ պատրաստեց Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան։


Ամէն տարի, Քառասնորդացը մեզի կը ծառայէ պատրաստուելու համար Զատկի Յարութեան: Քառասուն օրեր են որ մեզի պատեհութիւնը կ'ընծայեն գիտակցելու մեր յառաջդիմութեան կամ յետադիմութեան տարողութեան՝ քրիստոնէական կեանքին մէջ:

Մկրտութեան խորհուրդով քրիստոնեայ ըլլալը չի բաւեր, հարկ է նաեւ քրիստոնէավայել կեանք մը վարել՝ Քրիստոսի ուսուցումներուն հետեւելով:

Քառասնորդացը յատուկ եւ առանձնաշնորհեալ ժամանակն է քննելու մեր վիճակը. երջանի՞կ թէ ապերջանիկ քրիստոնեայ ենք, զգա՞ստ ենք թէ մրափուն, գա՞ղջ ենք թէ եռանդուն, դիտո՞ղ ենք Եկեղեցւոյ առջեւ նետուած մարտահրաւէրներուն թէ ջանադիր ենք հոգեւորապէս վերանորոգուելու: Քառասնորդացը մեզի առիթը կու տայ իրականութիւնը յստակ տեսնելու եւ մենք մեզի նայելու աւետարանական պահանջքներուն հայելիին մէջ:

Յիսուս մեզի օրինակ եւ առաջնորդ է այս Քառասնոդացի ժամանակ: Անապատին մէջ իր անցուցած 40 օրերուն ընթացքին, Սատանայէն չփորձուած՝ Իր Հօրը ներկայութեան մէջ ապրեցաւ, Անոր մտիկ ըրաւ, եւ հաստատեց իր որոշումը Անոր կամքը կատարելու: Շնորհիւ իր այս ապրելակերպին, ան կրցաւ ետ մղել Սատանային փորձութիւնները:

Քրիստոնէաբար ապրիլը հեշտ չէ, պայքար է, յատկանշուած վերիվայրումներով, յաղթանակներով ու պարտութիւններով, վերելքներով ու անկումներով, եւ յաճախ բուռն ջանքերու կը կարօտի:

Անապատին մէջ, Յիսուս, գիտակից իր առաքելութեան պահանջքներուն՝ վերահաստատեց իր վճռականութիւնը իր Հօրը կամքը կատարելու ի գին ամէն զոհողութեան եւ ցհեղումն արեան: Շարունակութիւնը գիտենք: Իր կեանքը յարատեւ պայքար մը եղաւ եւ աւարտեցաւ ահռելի չարչարանքով: Կրցաւ համբերել ի սպառ՝ շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյ օգնականութեան: Մենք ալ Քառասնորդացի աւարտին, պարտինք ի վիճակի ըլլալ, Յիսուսի նման, հաստատելու մեր անվերապահ փարումը Աստուծոյ կամքին եւ կառչած մնալու Քրիստոսի, իրեն հետ չարին դէմ պայքարը մղել շարունակելու համար:

Քառասնորդացը իրբրեւ շնորհքի աղբիւր լաւագոյն կերպով ապրելու համար, Եկեղեցին մեզի երեք միջոցներ կը թելադրէ–Աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ ողորմութիւնը:

Քառասնորդացին՝ ժամանակ յատկացնելու ենք աղօթքի որպէսզի մեր մտերմութիւնը Քրիստոսի հետ աւելի սերտանայ: Ծոմապահութեամբ

հրաժարելու ենք ոչ միայն որոշ ուտելիքներէն այլ նաեւ անօգուտ բեռներէ որ կը դանդաղեցնեն մեր ճանապարհորդութիւնը այս երկրի վրայ: Ողորմութեամբ աւելի ատակ կը դառնանք լաւագոյնս սիրելու զԱստուած եւ մեր մեձաւորը:

Եթէ այս երեք միջոցները անտեսենք կը նշանակէ թէ լուրջի չենք առած Քառասնորդացը իբրեւ յատուկ ժամանակ մը շնորհքի եւ փրկութեան:

Արդիւնաւոր Քառասնորդաց մը կը մաղթեմ բոլորիդ:

Հ. Գ. Զ.








All the contents on this site are copyrighted ©.