2018-02-28 10:51:00

Տուրքերու պահանջի կասեցումէն ետք վերաբացուեցան Երուսաղէմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դռները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին քրիստոնեաներուն համար նկատուած է ամէնէն սրբազան եւ գլխաւոր ուխտավայրը: Անցեալ օրերուն՝ Երուսաղէմի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ղեկավարները, իսրայէլեան տուրքերու հաստատման ու սեփականութեան «Առնունա» օրինագիծին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն, աննախադէպ քայլով մը փակած էին Եկեղեցւոյ դռները։

Այսօր՝ 28 փետրուարի առաւօտեան կանուխ (ժամը 4-ին), Քրիստոնեայ Ղեկավարները, որոշեցին՝ երեք օր փակումէն   ետք, վերաբանալ Եկեղեցւոյ դռները, Իսրայելի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիաուի առած որոշումէն ետք՝ կասեցնելու Երուսաղէմի Քաղաքապետարանի անցեալի տուրքերու պահանջը ու ետ քաշելու Քնեսեթին ներկայացուած  «Առնունա» օրինագիծը՝ հայող եկեղեցապատկան հողերու գրաւումին։

Այս ուղղութեամբ երեք իրաւատէր` հայ, յոյն եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու ղեկավարները, որոնց շարքին Երուսաղէմի հայ առաքելական պատրիարք՝ Նուրհան Մանուկեան, համատեղ յայտարարութեան մէջ յայտնած են, որ «վարչապետին կառուցողական միջամտութենէն ետք անհամբեր հանդիպման կը սպասեն Հանեգպիի եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք կը սիրեն Երուսաղէմը, եւ ազդարարեցին Փետրուար 28-ի առաւօտեան Տիրոջ դամբարանի տաճարը բանալու մասին»: Երուսաղէմի երեք իրաւատէր եկեղեցիները գոյքահարկէ ազատուած էին դարեր շարունակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.