2018-02-28 09:25:00

Նալբանդեան. «Ցաւօք Սումկայիթի կոտորածին կազմակերպիչներն ու գործադրողները ըստ արժանւոյն պատիժ չկրեցին


ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով հանդիպումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձած է Սումկայիթի կոտորածին` դիտել տալով, որ անիկա լայնօրէն դատապարտուեցաւ միջազգային հանրութեան, նաեւ` Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ` համապատասխան բանաձեւով, բայց եւ այնպէս, ցաւօք, այս յանցագործութեան կազմակերպիչներն ու գործադրողները ըստ արժանւոյն պատիժ չկրեցին:

«Ինչպէս բազմիցս տեղի ունեցած է մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, անպատժելիութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր ոճրագործութիւններու, ինչպէս է պարագան հայկական կոտորածներուն եւ ցեղային մաքրագործումներուն` Պաքուի, Կիրովապատի (Գանձակ), Մարաղայի եւ բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ: Ազրպէյճան կը դիմէ ամէն միջոցի` ձգտելով քողարկել այս ոճրագործութիւնները, խուսափիլ պատասխանատուութենէն եւ անոնցմէ շեղել ուշադրութիւնը` շինծու մեղադրանքներով, ներառեալ, այսպէս կոչուած, Խոջալուի քարոզչական արշաւով, փորձելով ինքզինք ներկայացնել իբրեւ զոհ, իսկ հայերը վարկաբեկել` զանոնք պիտակաւորելով իբրեւ բռնութիւններ գործադրած կողմ», ըսած է նախարար Նալբանդեան:

Այս շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ խօսած է Ազրպէյճանի մէջ ծաւալած հակահայ քարոզչութեան մասին եւ յիշեցուցած 2016-ի ապրիլեան իրադարձութիւնները. «Նմանօրինակ հակահայ քարոզչութիւնն է, որ հրահրած է հայերուն նկատմամբ շարունակական վայրագութիւններ, ներառեալ 2016-ի ապրիլին Արցախի վրայ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները` երեխաներու, կիներու, ծերերու սպանութիւնները, դիակապտութիւնները, գերեվարուած զինուորներուն` տխրահռչակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն բնորոշ ոճով գլխատումները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.