2018-02-28 14:06:00

Կարդինալ Թուրքսոնի պատգամը հազուագիւտ հիւանդութիւններուն համաշխարհային 11- րդ օրուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Հազուագիւտ հիւանդութիւններուն միջազգային 11 օրուան առիթով, չորեքշաբթի, 28 փետրուար 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Փիթեր Թուրքոսն  պատգամ  մը յղեց Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու նախգահներուն, առողջապահական հովուական խնամակալութեան պատասխանատուներուն եւ առողջապահական հովուական խնամակալութեան գործիչներուն ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող մարդոց  եւ հազուագիւտ հիւանդութիւններէն տառապող անձերուն ու անոնց հարազատներուն որուն  մէջ ծիրանաւորը նկատել կուտայ որ հազուագիւտ հիւանդութիւններու համաշխարհայինն 11-րդ օրը,  որուն այս տարուայ բնաբանն  է  «Ցոյց տուր որ կը կանգնիս հազուագիւտին մօտ» շեշտը կը դնէ բժշկական  գիտական հետազօտութեան նիւթին վրայ:

«Հակառակ՝   արձանագրուած  մեծ յառաջդիմութիւններուն, տակաւին բաւարարապէս չենք  ճանչնար հազուագիւտ հիւանդութիւնները եւ հազուագիւտ հիւանդութենէ վարակուած  400 միլիոն  մարդոց  միջեւ սակաւաթիւ են այդ հիւանդութիւններու դարմանումները» Գրած է ծիրանաւորը նկատելով   բժշկական հետազօտութեան դանդաղ գործընթացը  ու շեշտելով հազուագիւտ հիւանդութիւններուն գիտական հետազօտութեան  կարեւորութիւնը:

Պատգամին մէջ Կարդինալ Թուրքսոն հրաւէր կ՝ուղղէ հանրային  իշխանութիւններուն,  որ  նպաստեն  հազուագիւտ հիւանդութիւններու հետազօտութեան  գործընթացին  Ան ապա շնորհակալութիւն  կը յայտնէ հիւանդներով զբաղող ընկերակցութիւններուն,  բուժարաններուն,, առողջապահական  արհեստավարժներուն , հիւանդանոցներուն եւ բոլոր այն հաստատութիւններուն որոնք կը նպաստեն ու կ՝աջակցին գիտական հետազօտութեան:

Պատգամին աւատին Ծիրանաւորը կը հատատէ  թէ  եկեղեցին իր բազմաթիւ  առողջապահական հաստատութիւններով ուշադրութեամբ կը հետեւի  հազուագիւտ հիւանդութիւններէ վարակուած հիւանդներու պայմաններուն ու անոնց կացութեան ապա  կը մատնանշէ  թէ Ֆրանչիսկոս Պապ թախանձագին խնդրած է որ հազուագիւտ հիւանդութիւնէ տառապող անձերու հոգատարութիւնը   առաջնահերթ տեղ գրաւէ  Սուրբ Աթոռի համապարփակ զարգացման  ժողովին գործունէութիւններէն ներս ՛  Առ այդ կը գրէ Կարդինալ Թուրքսոն այս  միջազգային 11-րդ օրը պատեհ առիթ է վերանորոգելու ժողովին յանձնառումը այս ուղղութեամբ  ու պատգամը կ՝ աւարտէ  հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը  հազուագիւտ հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն- առողջապահական  գործիչներուն եւ բոլոր անոնց համար որոնք նեցուկ կը կանգնին հիւանդներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.