2018-02-27 09:51:00

Իսրայէլ Քրիստոնեայ աշխարհի հետ կամուրջները կ՛այրէ. «Haaretz»-ի վերլուծաբան


Որոշումներ կայացնողները միշտ կ՛անտեսեն քաղաքական, կրօնական եւ դիւանագիտական խնդիրներու զգայունութիւնը ` փորձելով լուծել Երուսաղէմի քրիստոնէական համայնքին վերաբերող խնդիրները: Այս մասին՝ ըստ «Նիուզ»-ի՝  կը գրէ «Haaretz» թերթի վերլուծաբան Նիր Եասոն:

Եկեղեցւոյ մուտքի մօտ հանդիպած են երեք համայնքներու ղեկավարները` ուղղափառ յոյն պատրիարքը, հայ պատրիարքը եւ Սուրբ Հողի կաթոլիկ պահապանը: Անոնք մաքրած են մուտքը զբօսաշրջիկներէ եւ փակած են ծանր դռները», – կը գրէ ան:

Հեղինակը քրիստոնեայ առաջնորդներուն` Սուրբ Յարութիւն տաճարը փակելու որոշումը, որ կապուած է անոնցմէ քաղաքային հարկ գանձելու քաղաքային իշխանութիւններու որոշման հետ, պատմական իրադարձութիւն կ՛անուանէ:

Անոր խօսքով` եկեղեցիներու ղեկավարներուն գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք տարբեր կողմերէ ճնշումներու, մասնաւորապէս` Իսրայէլի, պաղեստինցի հաւատացեալներու, եկեղեցական կառոյցներու, ուխտագնացներու եւ երաշխաւոր երկիրներու (Յորդանան, Յունաստան, Հայաստան եւ Վատիկան) հետեւանքով անտանելի վիճակի մէջ կը գտնուին:

 

Նիր Եասոն կը կարծէ, որ եկեղեցւոյ ղեկավարները աւելի շատ մտահոգուած են ոչ թէ քաղաքապետ Նիր Պարկաթի որոշումէն` եկեղեցիներէն քաղաքային հարկի գանձման մասին, այլ Քնեսէթի անդամ Ռախել Ազարիայի կողմէ ներկայացուած օրինագիծէն, որ թոյլ կու տայ հողերու սեփականազրկութիւն, որոնք պատկանած են եկեղեցիներուն եւ վաճառուած են անշարժ գոյքի մասնաւոր ընկերութիւններու:

Հեղինակը հարց կ՛ուղղէ` ինչ կ’ըսէր Իսրայէլ, եթէ այլ երկրի մէջ սինագոգներու ունեցուածքի վերաբերեալ նման քայլի դիմէին:  Եթէ օրէնքը ընդունուի, ով կը ցանկայ եկեղեցիներու հետ գործ ընել, իմանալով, որ այն հողը, որ ան կը գնէ, վաղը կրնայ սեփակազարկուիլ:

«Իւրաքանչիւր ոք, ով գործ ունի այս օրէնքին հետ, ներառեալ զայն ստեղծողները, շատ լաւ գիտեն, որ իր ներկայիս ձեւով անիկա Քնեսէթի մէջ անցնելու հնարաւորութիւն չունի: Անիկա այնքան սահմանադրական սկզբունքներ կը խախտէ, որ հեշտութեամբ կրնայ անվաւեր համարուիլ Գերագոյն դատարանին մէջ: Օրէնքը կոչուած  է կառուցապատողներու եւ պորսայի խաղցողներու համար սպառնալիք դառնալ, ուստի անոնք գործարքները պիտի  կնքեն կառավարութեան հետ: Միեւնոյն ժամանակ, հարցը այն է, արդեօք Իսրայէլ այսպէ՞ս կը ցանկայ շփուիլ քրիստոնէական աշխարհի հետ», -կը  գրէ հեղինակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.