(Ռատիօ Վատիկան) 26 փետրուարէն 28 փետրուար 2018-ին Վատիկանի մէջ կը կայանայ, Քահանայապետի խորհրդատու Ինը կարդինալներու 23-րդ հանդիպումը, որուն ընթացքին ժողովականները, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ, պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները՝ հայող Վատիկանի կառոյցներու բարեկարգումներուն։ Նշենք թէ վերոնշեալ խորհուրդը ստեղծուած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէ, որպէս Քահանայապետի խորհրդատու մարմին՝ Անոր Եկեղեցւոյ կառավարման պարտականութեան եւ առաքելութեան մէջ։
Ինը կարդինալներու առաջին հանդիպումը գումարուած էր՝ Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութենէն եօթը ամիսներ ետք ՝ 1-3 հոկտեմբեր 2013-ին, ապա հանդիպումը վերանորոգուած է ամէն տարի հինգ անգամ։ Այս օրերուն գումարուած հանդիպումը կը հանդիսանայ 2018 տարւոյն առաջինը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |