2018-02-26 14:02:00

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մԷջ կատարուեցաւ Խաղաղութեան աղօթք


Փետրուար 23-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2018 թուականին փետրուար 4-ին ուղղած կոչին ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ յընթացս Մեծի Պահոց Հանգստեան ժամերգութիւն-հսկման կատարուեցաւ նաեւ խաղաղութեան յատուկ աղօթք` Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի մէջ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման համար:

Ժամերգութեան ներկայ էին նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ եւ Մայր Աթոռի աշխատակիցներ:

Խաղաղութեան համար կատարուող այս մասնաւոր աղօթքը, ատոր մասնակցող տարբեր Եկեղեցիներու ու քրիստոնէական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու ընկալմամբ, նպատակ ունի աւետարանական խաղաղութեան հաստատման ուղղուած  նոր վկայութիւն մը կերտելու բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր քրիստոնեաներն ամէնէն աւելի կարիք ունին խաղաղութեան ու ապահովութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.