2018-02-26 14:15:00

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու որոշումը։


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը, Փետրուար 24-ին, միաձայնութեամբ որդեգրեց Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները 30 օր դադրեցնելու 2401 թուակիր որոշումը։ Այս մասին, ըստ «Գանձասար»-ի, կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը։

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վազելի Նիպինզիա՝ որոշումի որդեգրումէն ետք խօսք առնելով ըսաւ, որ որոշումին մէջ յստակօրէն բանաձեւուած է, որ ան չի վերաբերիր ՏԱՀԵՇ-ի եւ «Ճապհաթ ալ Նուսրա»-ի կամ ահաբեկչական խմբաւորումներու շարքին դասուած այլ խումբերու դէմ գործողութիւններուն՝ աւելցնելով, որ զինեալ կարգ մը խմբաւորումներ խախտեցին լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն համաձայնութիւնը։

Նիպինզիա դիտել տուաւ, որ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պատրուակ պէտք չէ հանդիսանայ անօրինական օրակարգեր գործադրելու Սուրիոյ մէջ, այնպէս ինչպէս կ՚ընէ ԱՄՆ։ «Մենք մտահոգ ենք Սուրիոյ ուղղուած ամերիկեան սպառնալիքներով։ Թշնամական այս ոճը պէտք է վերջ գտնէ»,- ըսաւ ան։

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար ալ Ճաֆարի շեշտեց, որ այս որոշումը պէտք է գործադրուի բոլոր սուրիական տարածքներուն վրայ՝ ներառեալ Աֆրինը, Իսրայէլի բռնագրաւած Կոլանը եւ ԱՄՆ-ի բռնագրաւած տարածքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.