2018-02-25 10:06:00

Կիրակի 25 Փետրուար 2018 Բ. Կիրակի Քառասնորդաց - Անառակ որդին - (Մատթ. 6, 1-21)


Քառասնորդաց երկրորդ կիրակին, կը կարդացուի Քրիստոսի առակներէն մին, Անառակ որդիին առակը, որ լաւագոյն օրինակն է զղջումի եւ ապաշխարութեան, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ գթութեան եւ ողորմութեան։ Եկեղեցին կը հրաւիրէ ամէն հաւատացեալ դարձի գալու  իր չար հակումներէն եւ վերստին դառնալու Աստուծոյ շնորհքին։ Այս պատճառաւ ալ, ինչպէս քաղցն ու ծարաւը մտածել տուին անառակ որդիին, իր խեղճ վիճակին մասին, նոյնպէս ալ պահեցողութիւնն ու կամաւոր զրկանքները պիտի թելադրեն հաւատացեալներու հոգիներուն անդրադառնալու իրենց հոգեկան լքեալ վիճակին մասին եւ Աստուծոյ մօտենալու, յուսալով որ ան գթայ ու ողորմի իրենց վրայ, շնորհելով իր սէրն ու խաղաղութիւնը։

Անառակ որդին հետեւեալը կ՚ըսէ ինքնիրեն. Ելլեմ երթամ եւ հօրս ըսեմ։ երեք բայեր որոնք ցոյց կու տան երեք մղումներ ու որոշումներ։

Առաջին որոշում. Ելլել, անկեալ վիճակէն դէպի վեր բարձրանալ։ ամէնքս կերպով մը մեղաւոր ենք եւ մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին, յաճախակի անկումներ կ՛ունենանք, գործելով ընդհանրապէս թեթեւ, բայց երբեմն ալ ծանր յանցանքներ։ Կը մեղանչենք Աստուծոյ դէմ, կը մեղանչենք մեր ընկերոջ դէմ, կը մեղանչենք ընդհանուրին բարիքին դէմ, եսասիրութեամբ։ Մեղանչելը, իյնալը ինքնին այնքան մեծ չարիք մը չէ որքան չուզենալը այդ անկեալ վիճակէն դուրս ելլել։ Ուստի առաջին մղումը մեր սրտին պէտք է ըլլայ վեր ելլել, կամենալ դուրս գալ մեղքի վիճակէն, որոշել թողուլ գէշ սովորութիւնները։

Երկրորդ որոշում. Երթալ հօր մօտ։ Ելլելէն ետք, կարելի չէ նոյն տեղը մնալ, որովհետեւ այն անձը որ կ՛ուզէ ձերբազատուիլ իր մեղքի անցեալէն, պարտի յառաջանալ դէպի իր Տէրը եւ Փրկիչը, Քրիստոս, որովհետեւ ան է միայն որ կրնայ իրապէս օգնել իր վերելքին, կամք եւ շնորհք ներշնչելով այլեւս չմեղանչելու։ Գործնականին մէջ, Քրիստոսի ներկայացուցիչ մարմինը եկեղեցւոյ պաշտօնեան է, քահանան, որ իր խրատներով պիտի ուղղէ հաւատացեալին հոգին շնորհքի ճամբուն մէջ։

Երրորդ որոշում. Ասիկա ամենադժուարն է. Անառակ որդին յանձն կ՛առնէ խօսիլ իր հօր հետ, որուն հանդէպ իր կապը խզած էր տարիներէ ի վեր եւ որուն նիւթական մեծ վնաս հասցուցած էր վատնելով անոր հարստութիւնը։ Կՙընդունի խոնարհեցումը այն աստիճանի որ անոր ծառան ըլլայ, այն յոյսով որ հայրը գթայ վրան եւ ընդունի իր տանը մէջ։ Մենք եւս, որպէսզի վստահ ըլլանք թէ Աստուած պիտի ներէ մեզի, հարկ է որ խոստովանինք իրեն մեր յանցանքները, պատմենք իրեն մեր անառակ կեանքի մասին, յայտնելով անկեղծ զղջում եւ հաստատուն առաջադրանք նորէն չիյնալու մեղքի մէջ։ Քահանաները, որոնք կը ներկայացնեն Աստուծոյ իշխանութիւնը, միշտ պատրաստ են լսելու մեր խոստովանանքը եւ, տեսնելով մեր զղջումը, արձակում տալու մեր մեղքերուն։

Անառակ որդիին առակը մեզի կը յայտնէ նաեւ Աստուծոյ յատուկ գուրգուրանքը իր զաւակներուն, յատկապէս մեղապարտներուն հանդէպ. Ան ընդառաջ կ՛երթայ անոնց առջեւ ու կը գրկէ եւ կը համբուրէ զանոնք։ Ան այդ օրը տօն կը հռչակէ եւ մեծ պատիւներու կ՛արժանացնէ անառակ բայց զղջացեալ որդին, նախանձը գրգռելով իր բարի եւ հնազանդ որդւոյն։ Սակայն Տէրը անարդար չէ, ան կ՛ուզէ պարզապէս իր անսահման ողորմութիւնը ցոյց տալ իր շեղած որդւոյն, որ խոնարհաբար կու գայ իր ներումը խնդրելու։ Ժամանակն է ուրեմն որ մենք եւս ապաշխարենք ու դարձի գանք մեր մոլար ճամբէն, արժանի ըլլալու համար Տիրոջ ողորմութեան ու սիրոյն. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.